Jump to content

Սուրբ Աստուածածին Վանք (Արտեր)

Արտերի Սուրբ Աստուածածին վանքը, կը գտնուի Վանայ լիճի կամ Բզնունեաց ծովու Արտեր կղզիին վրայ:

Արտեր Կղզիին վրայ կը կառուցուին մենաստան եւ եկեղեցի, որոնք կը նուիրուին Ս. Աստուածածնին: Ժամանակի ընթացքին եկեղեցին կը քանդուի: 1766-ին Յակոբ վարդապետ Բատականցիի ջանքերով եկեղեցին կը վերանորոգուի եւ նոր բաժիններով կ'օժտուի, որուն հետեւանքով վանքին մէջ միաբանական կեանքը կը ծաղկի: 1772-ին Յակոբ վարդապետ կը նահատակուի եւ իր հօտը կը ցրուի: Արտերի վրայ կառուցուած են երկու եկեղեցիներ, որոնցմէ մէկուն վրայ գրուած է հետեւեալ արձանագրութիւնը.

«Ի թուին ՉԽԱ (1292) ի հայրապետութեան Տեառն Ստեփանոսի, որ մականուն հա... բարեխօս է առ Աստուած վասն փրկութեան...:»

Յետագային, Քուրտերու ձեռքով կղզիի եկեղեցիները կը կողոպտուին եւ աւերակ կը դառնան:

  • Վասպուրական-Վանի Վանքերը, Դկտ. Հ. Համազասպ Ոսկեան, Վիեննա, Մխիթարեան Տպարան, էջ 133-135: