Jump to content

Սոնա Տէր Մարգարեան

Սոնա Տէր Մարգարեան
Ծնած է 1918
Ծննդավայր Պոլիս
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ, տեսուչ,
Աշխատավայր անդամ՝ պետական երգչախումբին

Սոնա Տէր Մարգարեան,- Թնկրեան (1918, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), ուսուցիչ, տեսուչ, գրող,

Ծնած է Պոլիս. զաւակը՝ բազմարդիւն, գաղափարանուէր դաստեարակ-ուսուցիչի մը, Արփիար Տէր Մարգարեանի, որուն շունչին տակ թրծուած են Պոլսահայութեան 1920-1940-ական թուականներու հանրային-կրթական կեանքին մէջ դերակատար նորերէն շատերը։

Նախակրթութիւնը կը ստանայ Սամաթիոյ «Սահակեան» վարժարանին, ապա երկրորդական ուսումը՝ Եսայեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ։ 1936-ին ընթացաւարտ՝ ուսուցչական ու տեսչական պաշտօններ կը վարէ ազգային վարժարաններու մէջ, հետեւելով միաժամանակ Պոլսոյ պետական երաժշտանոցի ձայնական ճիւղին ու երկար տարիներ մաս կազմեով պետական երգչախումբին։

1940ական տարիներուն, արդէն իր պատմուածքներով ուշադրութիւն կը գրաւէ։ Առջին իր հատորը՝ «Կեանքի մէջէն», կը հրատարակէ 1950-ին, իսկ երկրորդը՝ «Կեանքի հետ». 1968-ին: Ի միջի այլոց, իր պատմուածքները, գրական իր վաստակի խորքին ու թեքնիքին ամբողջական եւ անվրէպ արտայայտութեամբ, ունի նաեւ վիպակներ, որոնք ցարդ հատորով եւ կամ մամուլով հրապարակուած են։

Զոյգ հատորներու մէջ մէկտեղուած իր պատմուածքներէն եւ «Մարուաքենները» խորագրուած վէպէն անկախ, գրական պարբեականներու եւ օրաթերթերու մէջ ցրուած են կամ ցարդ անտիպ կը մնան մեծ թիւով պատմուածքներ, եւ թատերգութիւն մը՝ «Քարէ պուպրիկը» (չորս արար), որ բեմադրուած է Պոլսոյ մէջ։

Սոնա Տէր Մարգարեանի պատմուածքին ու վէպին մէջ՝ որքան տիպարներու, անոնցմով բեմադրուող բեմադրուող բարքերու, ապրումի ու կենցաղային հակումներու հակադրութեան, դասակարգային եւ անհատական ուրոյն նկարագիրներու, նո՛յնքան եւ կառոյցի, թեքնիքի, լեզուի, պատկերացումի թէ վերլուծոական պահանջներու գրական կերպադրումը հաշտ է սեռին ու «թեմա»ներու պարտադրուած մշակման ու ներկայացման ընթացքին։ Կու գայ կեանքէ՛ն. կը զարգանայ դիտելու, տեսնելու եւ տարածուելու համասեւեռ խորացումով մը, եւ գիտէ փոխանցել՝ առանց համոզելու որեւէ ճիգ ընելու։ Առարկայականը վերածելով ապրումով բաբախուն եւ հարուստ կեանքի, բարացուցական նկարագրին զուգորդելով հոգեբանական-վերլուծական արագ, հաղորդական եւ անվրէպ հետեւութիւններ, գրագիտուհին նաե՛ւ ինքզինք կու տայ, ինքնատպութեան ցայտուն շնորհով մը[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Բ (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 1982։

Սոնա Տէր Մարգարեան-Թնկրեան — Ծննդեան 100-ամեակին առթիւ