Jump to content

Սոնա Խտըշեան

Սոնա Խտըշեան
Ծնած է 1928
Ծննդավայր Պէյրութ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քիստոնեայ
Աշխատավայր գրագետ
Ամուսին Անդրանիկ Ծարուկեան
Երեխաներ 2

Սօնա Խտըշեան-Ծառուկեան (1928), ծնած է Պէյրութ: Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն Սահակեան Ազգային վարժարանը: Յետոյ աւարտած է Պէյրութի Անգլիական Գոլէճը: Երկու տարի հետեւած է Հայկազեան գոլէճի մանկաուարժական դասընթացքներուն։ Ուսուցչական պաշտօն վարած է, դասաւանդելով հայերէն եւ անգլերէն լեզուները։

Կանուխէն սկսած է գրել, բայց իր պատմուածքները առաջին անգամ լոյս տեսած են վաթսունական թուականներուն, Պէյրութ հրատարակուող «Նայիրի» գրական շաբաթաթերթին մէջ։

Կ'ամուսնանայ «Նայիրի»ի խմբագիր եւ գրագէտ Անդրանիկ Ծառուկեանի հետ եւ միատեղ կը շարունակեն հրատարակել զայն, մինչեւ 1983: Լիբանանի ողբեգական դէպքերուն պատճառով կը փոխադրուին Փարիզ, միշտ վերադառնալու յոյսով:

Փարիզ հաստատուելէ ետք, Սօնա Ծառուկեան կ'աշխատակցի Լոս Անճելըս հրատարակուող «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին, ստորագրելով պատմուածքներ եւ տոմսեր։

Այժմ կ՚ապրի Փարիզ, իր միակ դստեր Նայիրիին հետ։

Սօնա Ծառուկեան օժտուած է դէպքերը բնականօրէն եւ համով-հոտով պատմելու ձիրքով։ իր տիպարները իրենց անհատականութեամբ եւ գործածած հարազատ բարբառով համակրելի կը դառնան ընթերցողին։

Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։: