Սիւնիք-Արցախի Այր Մարդոց Տարազներ
Արտաքին տեսք
Սիւնիք-Արցախի Այր Մարդոց Տարազներ, Սիւնիքի եւ Արցախի արական տարազները գրեթէ նոյնանման էին: Զգեստը կը բաղկանար շապիկէ, վարտիքէ, անդրավարտիքէ եւ «արխալուղ»է: Տարազի կարեւոր մասերէն էր՝ չուխա-վերարկուն:
Կարմիր մահուտով կարուած կ'ըլլար փեսաներու հարսանեկան չուխան:
Այր մարդոց գլխու յարդարանքին կարեւոր մէկ մասը մորթէ գլխարկն էր: Հարուստ դասակարգը կը գործածէր Բուխարայի գլխարկ:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Պատկերագիրք Հայկական Տարազներու», Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութիւն, Պէյրութ, 1990, էջ 29