Սիրվարդ Կիւլպէնկեան

ԿԻւլպէնկեան–Գունտաքճեան Սիրվարդ (1916-2003), պոլսահայ գրող։

Ծնած եւ մահացած է Իսթանպուլ։ Աւարտած է Էսայեան վարժարանի միջնակարգի բաժինը։ Ինքնօգնութեամբ շարունակած է զարգացումը։ Հայերէնի յատուկ դասեր առած է Զապէլ Ասատուրէ (Սիպիլ), որուն շնորհիւ տիրապետած է ընտիր աշխարհաբարի եւ զարգացուցած գրական նուրբ ճաշակ մը։

Քառասունական թուականներուն իսթանպուլահայ գրական եռուն շարժումին գլխաւոր դէմքերէն եղած է։ Իր քերթուածները, հեքիաթներն ու պատմուածքները ցրուած կը մնան իսթանպուլահայ թէ՛ արտասահմանեան գրեթէ բոլոր գրական հանդէսներու, թերթերու եւ տարեգիրքերու մէջ։ Երկար տարիներ դադրած է արտադրելէ եւ իր գրական վաստակը կը մնայ ցրուած զանազան պարբերական հրատարակութիւններու մէջ։

Հրատարակած գործեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • խմբագրական աշխատանք, Պատմութիւն Էսայեան Վարժարանի (յուշամատեան) - Իսթանպուլ, 1955։
  • թարգմանութիւն Պամպի (մանկապատանեկան) - Իսթանպուլ -1961։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]