Jump to content

Սինիքիա

Սինիքիա․ Ատիկէի հին տեղական տօն, ի պատիւ Թիսէասին եւ Աթինա աստուածուհիին։

Հակիրճ տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Իրինի աստուածուհին կը գրկէ Փլութոս

Ըստ Թուքիտիտիսին, Թիսէաս այդ թագաւորն է որ կը հաստատէ Աթէնքի մեծութիւնը միացնելով Ատիկէի բնակավայրերը եւ խաղաղութիւն կը տիրէ շրջանին մէջ։ Իրմէ առաջ, բնակավայրերը շարունակ վէճի մէջ էին։

Պլուտարքոս իր արձանագրութիւններուն մէջ կը նշէ թէ 16 Էքաթոմվէոնային կը տօնուէր «Մեթիքիա» տօնը (Սինիքիա) եւ թէ զոհաբերութիւն կը կատարուէր։

Տօնակատարութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սինիքիա (կամ Սինիքեսիա), կը տօնուէր 16 Էքաթոմվէոնային Աքրոփոլիսին հիւսիսային մասը, հոն ուր հին «Փրիթանիօ»ն (Πρυτανείο Երիցարան) կը գտնուէր։

Տօնին ընթացքին կը պատուէին Աթինա աստուածուհին։ Շքերթ կը կատարուէր հին Փրիթանիոյէն մինչեւ Փանտրոսիօ՝ Էրեհթիոյի (կամ Էրէխթիօ, տե՛ս [1]) շրջափակը։ Խաղաղութեան աստուածուհիին (Իրինի Ειρήνη) համար կով մը կը զոհէին։ Նաեւ՝

  • Հանդէս մը կ՛ըլլար ի պատիւ Թիսէասին կողմէ հաստատուած Աթէնքի քաղաքացիներու բաժանումը 3 դասակարգերու․ ազնուականներու, հողատէրերու եւ ստեղծագործներու (շինականներ եւ արհեստագործներ)։
  • Կը նշուէր Ատիկէի 12 բնակավայրերուն անունները, որ Թիսէաս միացուց եւ Աթէնքը մայրաքաղաք դարձուց։
  • «Փրիթանիօ»ն կը նշուէր իբրեւ Ատիկէի վարչական սպասարկութիւնը։

[2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]