Jump to content

Սիմոն Շահրիկեան

Սիմոն Շահրիկեան
Ծնած է 1911
Ծննդավայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Մահացած է 30 Դեկտեմբեր 1989(1989-12-30)
Մահուան վայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Կրթութիւն Գալուստեան Ազգային Վարճարան
Մասնագիտութնիւն գեղանկարիչ

Սիմոն Շահրիկեան (1911, Գահիրէ, Եգիպտոս - 30 Դեկտեմբեր 1989(1989-12-30), Գահիրէ, Եգիպտոս), եգիպտահայ նկարիչ, դիմանկարիչ։

Սիմոն Շահրիկեան ծնած է Գահիրէ 1911 թուականին։ Նախնիները Թամզարացի են, որոնք տեղափոխուած են Կոստանդնուպոլիս՝ աւելի բարեկեցիկ կեանք որոնելու եւ զաւակներուն աւելի լաւ կրթութիւն տալու նպատակով։

Սորված է Եգիպտոսի Գալուստեան ազգային վարժարանը, աշակերտած է Ալեքսանդր Սարուխանին, Մարտիրոս Պալայանին (1891-1957): Արուեստի պատմութիւնն ուսումնասիրած է ինքնուրոյն։

1938 թուականի Սեպտեմբերին Եգիպտոսի անգլիական զօրքերու գլխաւոր շտապին մէջ աշխատած է որպէս նախագծող ճարտարապետ։ 1931-1941 Գահիրէի Նուպարեան ազգային վարժարանին մէջ դասաւանդած է նկարչութիւն եւ գեղագիտութիւն։

1935 թուականին միաժամանակ յաճախած է հարաւսլաւացի նկարիչ Եարօ Հիլպերթի մասնաւոր դպրոցի դասընթացքներուն։ Չորս տարիներու ընթացքին ձեռք բերած լուրջ ակադեմիական կրթութիւնը հնարաւորութիւն ընձեռած է անոր՝ դառնալու կայացած դիմանկարիչ։

Որպէս նախագծող-ճարտարապետ աշխատած է «Մոքաթթամ» քաղաքաշինութեան ընկերութեան մէջ։

1979 թուականէն մինչեւ կեանքի վերջը Շահրիկեան մասնաւոր դասեր տուած է քանի մը ուսանողներու, որոնց կարգին Նայիրի Համբիկեան եւ Արմէն Կրպոյեան:

Կեանքի ընթացքին Շահրիկեան տառապած է առողջական լուրջ խնդիրներէ (տասներկումատի աղիքի խոց, շագանակագեղձի քաղցկեղ, երիկամի անհանգստութիւններ եւ այլն), եւ այդ որոշակիօրէն խոչընդոտած է անոր ստեղծագործական կեանքը։ Ան երբեք չէ ընկճուած, բայց լարուած տրամադրութիւններն արձագանգ գտած են անոր կտաւներուն մէջ[1],[2]։:

Ստեղծագործութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Գլխափաթթոցով ծերունին»
  • «Չալմայով նուբիացի կինը»
  • «Դռնապան Ֆարշալին»
  • «Տեղացին՝ երկրի զաւակը»
  • «Եգիպտացին»
  • «Աշխատաւորը»
  • «Ամբոխը»
  • «Խորհրդածութիւն»
  • «Բարկացած երեխան»
  • «Դերասան»
  • «Մուշտակով տիկինը»
  • «Սիրվարդ»
  • «Երիտասարդ աղջիկը գլխարկով»
  • «Երեխան»
  • «Երկու կին»
  • «Էքստազ»
  • «Ծերունին»
  • «Ճաղատ ծերուկը»
  • «Անտառը»

Ցուցահանդէսներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ունեցած է 20 խմբակային («Սալոն դիւ Կ'երէ») եւ երկու անհատական ցուցահանդէս (առաջինը 1970-ի Յուլիսին՝ Գահիրէ, երկրորդը՝ 1982-ին, Աղեքսանդրիա):

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]