Սենթէնեալ լայթ
Արտաքին տեսք
Սենթէնեալ լայթ, հարիւրամեայ լամբը, որ կը կոչուի նաեւ Լիվըրմորի լամբը, արձանագրուած է Կինէսի մրցանիշներու գիրքին մէջ իբրեւ տակաւին վառուող աշխարհի ամէնէն հին լամբը[1]:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս լամբը թէ գոյութիւն ունի եւ անդադար կը վառի 1901 թուականէն ի վեր: Լամբը կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Քալիֆորնիոյ Լիվըրմորի Իսթ Ավընիույի 4550 շէնքին մէջ, հրշէջներու կեդրոնը:
Ան շինուած է Շէլէպի մէջ, Օհայիօ, Շէլպի Էլէքթրիք քոմփանիին կողմէ 1890-ական թուականներու վերջաւորութեան: Տակաւին մինչեւ այսօր ոչ մէկը գիտէ այս 4 ուաթ լամբին երկար «կեանք»ին գաղտնիքը[2]:
Լամբին նուիրուած կայք կայ, ուր կարելի է օրուան ընթացքին առցանց հետեւիլ լամբին աշխատանքին[3]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Longest burning light bulb»։ Guinness World Records (en-GB)։ արտագրուած է՝ 2020-07-02
- ↑ «Tests shine light on the secret of the Livermore light bulb»։ The Mercury News (en-US)։ 2011-02-03։ արտագրուած է՝ 2020-07-02
- ↑ «Livermore's Centennial Light Bulb»։ www.centennialbulb.org։ արտագրուած է՝ 2020-07-02