Սափրիչ (հանդէս)

Սափրիչ
Տեսակ հանդէս
Հիմնադրուած է 1906
Հրատարակման վայր Փեթերսպուրկ

«Սափրիչ», գրական-երգիծական պատկերազարդ հանդէս (ամսօրեայ)։ Լոյս տեսած է 1906-1907 թուականներուն, Փեթերսպուրկ (12 թիւ)։ Խմբագիր՝ Բ․ Գալստեան, հրատարակիչ․՝ Դ․ Օբրոյեան։

Քննադատած է կովկասեան իշխանութիւններու ռուսականացման քաղաքականութիւնը, հանդէս եկած է արեւմտահայերու նկատմամբ թուրքական ոստիկանական կամայականութիւններու դէմ։

Թերթօններով ու ծաղրանկարներով երգիծած է հայ հոգեւորականութեան անտարբերութիւնը՝ ազգի նտահոգութիւններուն նկատմամբ, քննադատած է ազգային կուսակցութիւնները։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։