Jump to content

Սարգիս Սէլեան

Սարգիս Սէլեան
Ծնած է 20 Փետրուար 1880(1880-02-20)
Ծննդավայր Օվաճըք, Նիկոմիդիոյ գաւառակ, Պրուսայի նահանգ
Մահացած է անհայտ
Կրթութիւն Կ. Պոլսոյ Օսմանեան դեղագործական վարժարան
Մասնագիտութիւն դեղագործ, համայնքի ղեկավար

Սարգիս Սէլեան (20 Փետրուար 1880(1880-02-20) - անհայտ), հայ դեղագործ, ազգային գործիչ։

Ծնած է 1880 թուականի Փետրուար 20-ին, Պրուսայի նահանգի Նիկոմիդիոյ գաւառակի՝ Օվաճըք գիւղին մէջ։ 1905 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան դեղագործական վարժարանը։ 1905 թուականին տեղափոխուած է Տրապիզոնի նահանգի Սամսոն քաղաքը եւ որպէս կառավարական դեղագործ աշխատած է։ Իսկ 1907 թուականէն կառավարական դեղագործ աշխատած է Սիվրիհիսար քաղաքին մէջ։ Այստեղ ամուսնացած ու բացած է սեփական դեղատուն։ Շուտով դարձած է Սիվրիհիսարի ազգային գործիչներէն մէկը եւ ծաւալած է՝ մշակութային, ազգային, քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւն։

1914 թուականին՝ Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ Անգարայի իբրեւ զինուորական դեղագործ ծառայած է։ 1915 թուականին վերադարձած է Սիվրիհիսար եւ տեղի հայութեան հետ աքսորուած է մինչեւ Ռագգա։ Աքսորի ճամբուն վրայ կորսնցուցած է իր 40 հոգիներէ բաղկացած իր ընտանիքի անդամները, իսկ ինքը հրաշքով փրկուած է։ Ռագգայի մէջ թաղապետական առողջապահական պաշտօնեայ եւ բժշկական փոխանորդ նշանակուած է ու աշխատելու ընթացքին բազմաթիւ տարագիրներու եւ որբերու ազատած է՝ ստոյգ մահէն։ Յետագային հաստատուած է Հալէպ եւ բացած է սեփական դեղատուն։ Որդին՝ Վազգէն Սէլեան, Հալէպի մէջ դեղագործ էր։

  • Տէր Յովհաննէսեան Գրիգոր, Պատմագիրք Սիվրի-Հիսարի հայոց, Պէյրութ, 1965։
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։