Սարգիս Շաթրեան
Երիտասարդ երգիչ Սարգիս Շաթրեանի մասին «Յառաջ» կը գրէ հետեւեալը.-
«Փոքր տարիքէն սկսած է նուագել տուտուկ. զորս անձամբ կը շինէր: Նուագած է նաեւ ջութակ եւ մանաւանդ ուտ: 1950-ին փոքրիկ աքորտիոն մը գնելով կը սկսի զուտ անձնական ճիգերով, առանց ուսուցիչի նուագել ամբողջ օրը եւ կը յաջողի իւրացնել այդ գործիքն ալ: Հազիւ երկու տարի անց, արդէն կը նուագէ Պախ, Մոցարթ, Խաչատուրեան եւ այլ դժուար հեղինակներ:
1952-ին կը նշանակուի աքորտիոնի ուսուցիչ՝ Հալէպի նորաբաց պետական երաժշտանոցէն ներս:
1958-ին մեկնելով Հայաստան, ամբողջ հինգ տարի կը հետեւի Կոմիտասի անուան պետական եաժշտանոցի ղեկավարութեան լրիւ դասընդացքներուն՝ Հայաստանի ժողովրդական վաստակաւոր Արթիսթ Թաթուլ Ալթունեանի մօտ:
1963-ին կ'աւարտէ վերոյիշեալ Երաժշտանոցը գերազանց գնահատականով եւ վերադառնալով Լիբանան կը նշանակուի երգչախումբի ղեկավար եւ դասատու՝ Պէյրութի Ազգային երաժշտանոցին մէջ, ուր կը շարունակէ մինչեւ այսօր:
Պէյրութի մէջ մէկ տարի մը կը ստանձնէ «Քնար» երգչախումբի ղեկավարութիւնը, որմէ ենք կը կազմակերպէ «Կռունկ» երգչախումբը, որ բազմաթիւ ելոյթներ ունեցաւ հայ եւ օտար շրջաններու մէջ։ Նոյն երգչախումբը մասնակցեցաւ նաեւ «Ուատի Ֆանիսիայի» փառատօնին, որուն գեղարուեստական ընդհանուր պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Սարգիս Շաթրեան:
Ան մեր երաժշտական կեանքի ամենաերիտասարդ ուժերէն է եւ գաղութը շատ բան կը սպասէ իրմէ»[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։: