Սարգիս Նաճարեան


Ծնած է 1935
Ծննդավայր Լիբանան
Քաղաքացիութիւն Լիբանանցի
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ կաթողիկէ
Աշխատավայր լրագրող-խմբագիր, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ
Ամուսին Զուարթ
Ծնողներ Միհրան Նաճարեան
Երեխաներ Միհրան Նաճարեան

Սարգիս Նաճարեան Պէյրութ Լիբանան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոն»-ի եւ լրատուական գրասենեակի վարիչ-քարտուղար, «Մասիս» ամսաթերթի խմբագիր եւ պատասխանատու տնօրէն: Սարգիս Նաճարեան օրինակելի եւ տիպար մամլոյ գործիչ՝ 50 տարի ծառայեց լրագրութեան առաքելութեան։ Օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր եւ լրագրող «Արարատ»-ի 45 տարիներու նախկին տնօրէն:

Ստեղծագործութիւններ եւ Գիրքի Շնորհահանդէս[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սարգիս Նաճարեանի առաջին հատորը լոյս տեսած է 2010 թուականին` «Դէմ առ դէմ» խորագիրով:

Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ), ուրբաթ, 5 մայիս 2017-ի, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ անուանի լրագրող, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Մասիս» պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ պատասխանատու տնօրէն Սարգիս Նաճարեանի «Ֆրանչիսկոս. Աղօթեցէ՛ք ինծի համար» գիրքին շնորհահանդէսը:

Շքանշան, մեծարանքի հանդիսութիւն լրագրական գործունէութեան, շնորհահանդէս»[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սարգիս Նաճարեան պարգեւատրուած է Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի ձեռամբ Սբ. Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով, Բենեդիկտոս ԺԶ. Պապին կողմէ Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետի շքանշանով, ՀՀ Մովսէս Խորենացի նախագահական շքանշանով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու կեդրոնին կողմէ մարոնիներու պատրիարք Պշարա Ռաաիի ձեռամբ:

Հովանաւորութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնին, Կիրակի, 21 նոյեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն Սարգիս Նաճարեանի լրագրական գործունէութեան 50-ամեայ յոբելեանին առիթով, ինչպէս նաեւ շնորհահանդէս, յոբելեարի «Դէմ առ դէմ» հատորին։ Ձեռնարկին ներկայ էին հոգեւորականներ, քաղաքական գործիչներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, յոբելեարին ընտանեկան պարագաները եւ մեծաթիւ բազմութիւն։

«Տարուան Մարդ»ը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆրանչիսկոս Պապի ընտրութեան առաջին տարուընէ արդէն միջազգային լրատուամիջոցները ուշադրութեան կեդրոն դարձուցին Սարգիս Նաճարեանի գործունէութիւնը, իսկ աշխարհահռչակ «Թայմ» պարբերականը իր դեկտեմբեր 2013-ի թիւին մէջ զայն նկատեց «Տարուան Մարդ»ը:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]