Jump to content

Սահակ Օտապաշեան

Սահակ Օտապաշեան
Ծնած է 1875
Մահացած է 1915
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն հոգեւորական, մանկավարժ

Սահակ Ծ. Վրդ. Օտապաշեան (1875, Սվազ - 1915, Մեծ Եղեռնի զոհ) Հայ եկեղեցական եւ մանկավարժ։

Վարդապետ ձեռնադրուած է 1901 թուականին:

Կեդրոնական եւ «Նոր Դպրոց» վարժարաններէն ներս դասաւանդած է հայկական մատենագրութիւն եւ կրօնք, ան նաեւ ստանցնած է ծննդավայրին Արամեան վարժարանի տեսչութիւնը:

1905էն ի վեր վարած է տեղապահի եւ առաջնորդի պաշտօններ Սվազ, Ամասիա, Մարզուան, Սամսոն եւ Պրուսա մինջեւ 1912-1914, որմէ յետոյ անձնուիրաբար գաւառ մեկնած՝ պատրիարքական հրահանգի մը համաձայն:

Պարտականութեան ճամբուն վրայ ինկած, Օտապաշեան եղած է Պոլսոյ եւ գաւառի բոլոր աշխարհականներուն ու եկեղեցականներուն մէջէն առաջին զոհը:

  • Թէոդիկ, Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի, Արզուման հրատարակչատուն, Կ. Պոլիս, 1919, էջ 84