Ռոճըր Հարթըլ
Ռոճըր Հարթըլ | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1965[1] |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Մասնագիտութիւն | նեարդակենսաբան, նեարդավիրաբուժ, վիրաբուժ, համալսարանի դասախօս |
Աշխատավայր | Քոռնելի Համալսարան |
Ռոճըր Հարթըլ, (1965, ԱՄՆ), նեարդավիրաբուժ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ողնայարի լաւագոյն 50 վիրաբուժներէն մէկը[2], իսկ անձնական հիւանդանոցներու լաւագոյն 10 վիրաբուժներէն մէկը:
Նիւ Եորք պարբերաթերթը (New York Magazine) զինք դասած է բարձրակարգ բժիշկներու շարքին, երբ ան Նիւ Եորքի մէջ փրկած է Էօժէն Սթոլովսկի անունով հրշէջի մը կեանքը, որ ծանրօրէն վիրաւորուած էր այրող շէնքէ մը նետուելուն պատճառով[3]:
Մասնագիտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ռոճըր Հարթըլ իր մագիստրոսի տիտղոսը ստացած է Գերմանիոյ Միունիխ քաղաքի Լութֆիկ Մաքսիմիլիանզ (Ludwig-Maximillians) համալսարանէն[4]:
Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է «Ուէյլ Քոռնել»ի բժշկական համալսարանէն (Weill-Cornell Medical College), ինչպէս նաեւ «Չերիթէ Հոսփիթըլ աֆ տը Համպոլթ» համալսարանէն (Charité Hospital of the Humboldt University)՝ Պերլին, Գերմանիա: Նեարդաբուժութեան իր մասնագիտութիւնը կատարելագործած է Նիւ Եորքի Փրեսբիթերիան հիւանդանոցին մէջ[5] (NewYork-Presbyterian Hospital):
Այնուհետեւ ան ողնայարի բարդ վիրաբուժութեան մասնագիտական վերապատրաստութեան դասընթացքներու հետեւած է «Ֆենիքսի Պէրոզ Նեարդաբուժական Հիմնարկ»ին մէջ (Barrow's Neurological Institute in Phoenix) Վոլքըր Սոննթակի ղեկավարութեամբ:
2004-էն ի վեր ան ողնայարի վիրաբուժութեան տնօրէն է Նիւ Եորքի Ուէյլ Քոռնէլի ուղեղի եւ ողնայարի կեդրոնին մէջ (Weill-Cornell Medical College):
Հարթըլի գիտական աշխատանքը կեդրոնացած է ուղեղի վիրաբուժութեան (TBI) վրայ[6]:
Ան բժշկական Խորհրդատու է:
Աջակցած է մշակելու գլխուղեղի վնասուածքի բժշկական եւ վիրաբուժական կառավարման ուղեցոյցները, որոնք կ'օգտագործուին ամբողջ երկիրին տարածքին:
Թանզանիոյ Նեարդաբուժական ծրագիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հարթըլ եւ իր մասնագիտացած խումբը կենսական նեարդավիրաբուժական սարքեր կը տրամադրեն Թանզանիոյ «Պուկանտօ բժշկական կեդրոն»ին (Bugando Medical Center) եւ վերապատրաստած են տեղացի վիրաբուժներ: Անոր խումբը յաջողած է ողնայարի վիրահատութիւն կատարել ծանր վնասուածքներով հիւանդներու։ Ան վերապատրաստած է նաեւ երկու տեղացի վիրաբուժներ, որոնք յաջողած են աւելի քան 20 նմանատիպ վիրահատութիններ կատարել[7]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Չեխիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
- ↑ Ամերիկայի լաւագոյն յիսուն վիրաբուժներէն մէկը
- ↑ Ռոճըր Հարթըլ փրկած է հրշէջի մը կեանքը
- ↑ Ռոճըր Հարթըլ
- ↑ Մասնագիտութիւն
- ↑ «Ուղեղի վիրաբուժութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-08-16-ին։ արտագրուած է՝ 2024-05-13
- ↑ Թանզանիոյ ծրագիրը