Ռիմա Գառօնէ
Ռիմա Գառօնէ | |
---|---|
Ծննդավայր | Թեհրան |
Ռիմա Գառօնէ, ծնած է Թեհրան։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է «Քուշեղ- Դաւթեան-Մարիամեան» աղջկանց միջնակարգ վարժարանին մէջ։
Պատանեկան տարիքէն իսկ գիրքի եւ գրականութեան հանդէպ զգայուն, հմուտ՝ պարսկերէնի, թարգմանած է Հաֆեզի եւ Սաէպէ Թապրիզիի կենսափիլիսոփայական ստեղծագործութիւններէն հատընտիրներ, «Ալիք» օրաթերթի եւ «Հուր» ամսագրի մէջ։
1969-ի իր «Առաւօտեան ծաղիկներ» քերթուածներու հատորէն ետք, ողբերգական իր մահէն վերջ, 1972-ին, Թեհրանի «Ալիք»ի տպարանէն ի լոյս ընծայուեցաւ կարապի իր երգը՝ «Անաւարտ համանուագ», ուր մէկտեղուած են 200-է աւելի քերթուածներ, արձակ էջեր եւ քսանի մօտ թարգմանութիւններ:
Զաւակը բանաստեղծ Արամ Գառոնէի եւ եղբօր աղջիկը բանաստեղծ Գեղամ Սարեանի՝ Ռիմա Գառօնէ, Յակոբ Կարապենցի արդար հաստատումով «դեռեւս նորափթիթ մի ծաղիկ թէ՛ կեանքում եւ թէ գրականութեան մէջ»: Ողբերգականօրէն կանխահաս մահով մը կնքեց իր կեանքը 26 Յուլիս 1971-ին (իր 29-րդ տարեդարձէն երեք օր ետք) Կասպից ծովու ալիքներուն մէջ, երբ տակաւին շատ բան կ'ակնկալէր իրմէ անմիջական մեր գրականութիւնը։
Առատաբուխ, գրեթէ հեղեղային յորձքով մը մուտք գործած է նորագոյն հայ բանաստեղծութեան մէջ, 1969-ին հրատարակելով առաջին իր հատորը՝ «Առաւօտեան Ծաղիկներ», ուր ամփոփուած են 120-է աւելի քերթուածներ. սիրոյ, տրտմութեան ու բերկրանքի, մտորումներու եւ յոյզերու բիւրեղներ, որոնք իրանահայութեան աւանդաշունչ մթնոլորտէն, Սփիւռքեան մտաւորականութեան մէջ իր ինքնայատուկ «կլիմայ»ով յատկանշող այս գաղութի հայատրոփ կեանքէն կը բխին, խորքի, թէ ձեւի իրենց մասնայատկութիւններով կ'երկարաձգուին ներանձնական- վիպապաշտական զգայութիւններու, կանացի ապրումներու, երազանքի եւ իմաստասիրական յածումներու։
Սիրոյ, սրտի, յոյսերու, երազանքի, կեանքի հարցականներուն հանդէպ խարխափանքի եւ որոնումներու, հայուն իւրայատուկ՝ յաճախ տրտում ու երբեմն կենսուրախ տրամադրութիւններու, բնութեան հետ եղբայրացման հոգիի մը թեւաբախումները այդ քերթուածները թերեւս շատ քիչ կապ ունին իրենց «նոր»ութիւնը հիմնաւորող. այսուհանդերձ, վաւերական վկայութիւնն են հոգիի մը, որ սփոփանք կը փնտռէ գրական-ստեղծագործական երկունքի մէջ[1]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Բ (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 1982։