Ռաս ալ Խայմա

Ռաս ալ Խայմա, Ռաս ալ-Խայմայի էմիրութեան վարչական կեդրոնն է։ Բնակչութիւնը՝ 263,217 հոգի էր 2008-ին, բնակչութեամբ ըլլալով 6-րդ քաղաքը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ։ Հին ժամանակներուն քաղաքը ծանօթ էր Ջուլֆար անունով։ Տեղակայուած է երկիրին հիւսիսը, Պարսից ծոցի ափին։ Քաղաքը մայրուղիով միացած է Տուպային։ Քաղաքը կայ միջազգային օդակայան եւ նաւահանգիստ[1]։

Հիմնուած է մոնկոլական ներխուժման ատեն Պարսկաստանէն փախած հայերու կողմէ: Այս մասին hեռուստատեսային հեռարձակման ատեն պատմաբանը ըսած է. «Հայ քրիստոնեաները Պարսկաստանէն փախած են այն վայրը, որ կը կոչուի Պկելուար, որ այժմ կը գտնուի Ռաս էլ Խայմայի մէջ եւ հիմնադրուած է հայերու կողմէ»:

Արաբ պատմաբան գիտութեան եւ կրթութեան ժամանակակից արաբ գործիչ՝ Շէյխ դր. Սուլթան պին Մուհամետ ալ Քասիմիի խօսքով՝ Ռաս էլ Խայմա քաղաքը պատմականօրէն ծանօթ է իբրեւ Ջուլֆար: Այնուհետեւ ան աւելցուցած է, որ Ջուլֆարը հայկական է, ոչ թէ արաբական։ Մուհամետ ալ Քասիմին նաեւ խնդրած է կրթութեան մարմիններուն համապատասխանաբար փոխած դասագիրքերը: Յայտարարութիւնը հրապարակած է իր անձնական կայքին մէջ (արաբերէն)։ Դոկտոր Շէյխ Սուլթան պին Մուհամետ Ալ Քասիմին 2005-ին Հայաստան կատարած այցի ատեն ֆինանսաւորած է ԺԳ. դարու Հաղարծին վանքի վերականգնումը:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]