Ջուլիէտ Գրիգորեան
Ջուլիէտ Գրիգորեան-Գասպարեան | |
---|---|
Ծնած է | 1935 |
Ծննդավայր | Երեւան |
Քաղաքացիութիւն | Հայաստան |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | Գրագէտ |
Ջուլիէտ Գրիգորեան-Գասպարեան (1935)
Կենսագրություն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Երեւան։ Ուսանած է Երեւանի պարարուեստի ուսումնարանին մէջ, զոր աւարտելէ ետր րնդունուած է Երեւանի Պեաական Համալսարանի Ռոմանօ Գ՚երմանական գրականութեան ֆրանսական լեզուի բաժինը։ Վկայուելէ յետոյ 1960–էն սկսեալ պաշտօնավարած է Երեւանի մանկավարժական ինստիտուտին մէջ։
Գրական փորձերուն սկսած է դպրոցական տարիներուն։ 1965-էն յետոյ լրջօրէն զրաղած է գրական ստեղծագործութեամբ։ «Անի Արմէն» ծածկանունով մի քանի բանաստեղծութիւններ ուղարկած է Պէյրութ, Անդրանիկ Ծառուկեանին, որ գրական մամուլի մէջ լոյս ընծայած է զանոնք, գովաբանելով բանաստեղծուհիին համարձակ մտածելակերպը եւ զգացական աշխարհի յուզականութիւնը։ Այնուհետեւ աշխատակցած է Երեւանի բազմաթիւ ամսագրերուն՝ «Գարուն», «Սովետական Արուեստ», «Գրական Թերթ» եւլն։ Նոյն տարիներուն տպագրուած է Սարգիս Արուտչեանին նուիրուած կեանքը եւ Բեմանկարչական Արուեստը մեծածաւալ մենագրութիւնը, հայերէն եւ ապա ռուսերէն լեզուներով։
1974–ին ֆրանսահայ ամուսնին խնգրանըով Ջուլիէտ Գրիգորեան տեղափոխուած է Փարիզ։ Անոնք բախտաւորուած են երկու զաւակներով։
Իր ինքնաճանաչում խորագրով բանաստեղծութեանց գիրըը տպագրութեան չէ արժանացած Երեւանի մէջ, բանաստեղծուհիին Հայրենիքէն հեռանալուն պատճառաւ։
Կորսնցուցած ըլլալով իր շրջապատը, գրչակիցները եւ զինքը սնուցող արմատները, բանաստեղծուհին տառապանըով լի հայրենակարօտ երգեր կը գրէ։ Այդ կարօտն է, որ մղած է զինքը, 1980-ին, Լոս Անճելոսի հայ գաղութին քաջալերութեամբը լոյս ընծայել իը Ինքնաճանաչում գիրքը, զայն վերանուանելով Տեսիլ Յայտնութեան ք որ արժանացած է Հ.Բ.Ը.Մ. Ալեք Մանուկեան Հիմնադրամին Ա. Մրցանակին եւ տպագրուած Հիմնադրամին յատկացումով։
Տպագրութեան համար պատրաստ ունի Յայտնութիւն խորագրով բանաստեղծութիւններու երկրորդ հաւաքածոյ մը, որ հրատարակութեան կը կարօտի։
Լոս Անճելոսի հայկական ձայնասփիւռէն յաճախ կ՚արտասանուին իր բանաստեղծութիւնները եւ կը հրատարակուին հայկական մամուլին մէջ։
Տեսիլ Յայտնութեանը ի յայտ կը բերէ արդիաշունչ բանաստեղծի իր ձիքըերը։ Իր ոճը գունագեղ է եւ առինքնող։ Նկարագրելով քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ տիրող սարսափը, անորոշ վիճակը, իր կենսագրականին մէջ, իր իսկ բառերով, կը յայտնէ իր ինքնատիպ հոգիին ելեւէջները.- «Զգունազարդելով աշխարհը, գունազարդուած աշխարհի երազանքը ունենալ, սխալները չքօղարկելով ճշմարտութիւնը որոնել, խաւարը նկարագրելով՝ լոյսի պատրանըը ունենալ»։ Իր յոռետես հոգիին յոյզերը կը յայտնուին «Այնտեղ Ուր Զեն Հասնում ... » զգայացունց քերթուածին մէջ. —
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։