Պօղոս Մելիքշահեան
| Պօղոս Մելիքշահեան | |
|---|---|
| Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Ֆիզիկա Պօղոս[1] |
| Ծնած է | 1788[1] |
| Ծննդավայր | Կըրգաղաճ, Այտընի Կուսակալութիւն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] |
| Մահացած է | 10 Յունիս 1855[1] |
| Մահուան վայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] |
| Ազգութիւն | Հայ[1] |
| Մասնագիտութիւն | փիլիսոփայ, ուսուցիչ և հանրային գործիչ |
Պօղոս Մելիքշահեան (1788[1], Կըրգաղաճ, Այտընի Կուսակալութիւն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 10 Յունիս 1855[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]), հայ փիլիսոփայ, մանկավարժ, հասարակական գործիչ, բնագէտ (ֆիզիկոս)։
Կեսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիտութեան աշխարհին մէջ հայը ամէնէն քիչ ներկայացուցիչները ունեցած է անցեալ դարուն եւ եղած բացառութիւններն ալ երբեք չեն կրցած զերծ մնալ կրօնքի ազդեցութենէն, որ կերպով մը հեռու պահած է միշտ հայ միտքը գիութենէն։ Քանի մը հայ բժիշկներ, իբր գիտութեան նուիրուած անձ, որքան որ ալ այժմու գիտական լայնածաւալ մթնոլորտին մէջ են, փոշիի հատիկի մը արժէքն իսկ ունենալու իրաւունք չունի, սակայն նկատելով իր ժամանակը, իր լուսաւորելու փափաքները եւ մանաւանդ այն սերմը, որ ցանած է իր յաջորդներուն համար, արթնցնելով գիտութեան հանդէպ սէրը, կ'ընեն զինք արժանիքի տէր հայ գիտնական մը։
Սիմոն Մելիքշահեանի զաւակն էր Պօղոս, որ 1788 թուականին ծնած է Գըրգ Աղաճի մէջ, իր մանկութեան դպրոց կ'երթայ թէեւ, բայց երբ աւելի կը խելահասի՝ դժգոհելով իր հոն ստացած ուսմունքէն, Իզմիր կը մեկնի եւ կ'աշակերտէ Տ․ Օհան Վանանդեցի քահանային, երբ արդէն 17 տարեկան էր։
Սակայն իր յիշատակութեամբ, հոն երեք տարի ապարդիւն աշխատելով Պոլիս կու գայ, պանդուխտ եւ անօգնական, երբ հազիւ 20 տարեկան էր։
Պոլսոյ մէջ բոլոր պատուելիներուն մօտ կը յաճախէ եւ բնագիտութեան մասին փոքրիկ գրքոյկ մը կը պատրաստէ՝ ձեռագիր, ուր Ֆիզիքա քրիստոնէական կրօնքի ճշմարտութիւնը բնականէն հաստատած է։
Այդ միջոցներուն Փէշտիմալճեան Գրիգոր պատուելիի համբաւն ալ իրեն հասած ըլլալով, ի վերջոյ անոր կը դիմէ, կարծելով թէ աւելի լուսաւորութիւն պիտի ստանայ անկէ։
Ֆիզիքա՝ Պէղճեան Գազէզ ամիրային պաշտպանութիւնը կը վայելէ, որ այն ատենուան բոլոր ուսումնականներուն կը ներկայացնէ զինքը․ ասով Ֆիզիքա, որ Պոլիս եկած էր սովորելու համար, կամաց-կամաց ինք կը սկսի ուսուցանել։
«Ես ճշմարտութիւնը ճանչնալ կ'ուզեմ եւ ճշմարտութիւնը ուսմունքով կը ճանչցուի», կը պատասխանէ Պօղոս․ «Ես լեցուն կանթեղ մը եմ, կ'ըսեն թէ շատ իւղ կայ այդ կանթեղին մէջ, բայց մէկը պէտք է վառէ կանթեղը, որպէսզի լոյս տայ»։
Փէշտիմալճեան Պօղոս Պատրիարքին կը պատմէ Ֆիզիքային ուշիմութիւնը, որ Պատրիարքարան հրաւիրելով ի ներկայութեան Պէղճեանի եւ ուսուցիչներու, կը քննեն Պօղոսը, որով կը հասկնան թէ՝ այս բարձր ուսմունքը եւ գիտութիւնը բնական է եւ ոչ թէ ստացական, մանաւանդ անոր բնագիտութեան նոր հեղինակութեամբ։ Ժողովը հաւնելով Ֆիզիքային տուած պատասխանները, այդ օրը կը հռչակեն զինք Պատուելի եւ Ֆիզիքա պատուանունն ալ կու տան իրեն, երբ տակաւին 23 տարեկան էր։
Քանի մը տարիներ ուսուցչութիւն կ'ընէ Պէզճեանի տան մէջ ամիրային քեռորդւոյն եւ յետոյ հրաժարելով անկէ կ'երթայ Իզմիր եւ ապա Երուսաղէմ, 1820-ին։
Երբ Եգիպտոսի փոխարքայի գործակատար՝ Պօղոս պէյ անոր Երուսաղէմ գալը կը լսէ, կը հրաւէրէ, քիչ մը ատեն կը մնայ եւ անոր կարգադրութեամբ Իզմիր կը վերադառնայ, ուր 2 տարի վարժարանին մէջ կը պաշտօնավարէ։ Անկէ վերադառնալով Պոլիս՝ Պէղճեանի առաջարկութեամբ Օրթագիւղի դպրոցին մէջ հայկաբան կ'անուանուի։ Հոն ալ երկու տարի կենալէ ետք, երբ կը տեսնէ որ երկպառակութիւն կայ ազգին մէջ, Պրուսայի Մատթէոս Առաջնորդի առաջարկութեամբ Պրուսայի վարժարանին վարժապետ կ'անուանուի, ուր 3 տարի կենալէն ետք կը հրաժարի եւ կ'երթայ դարձեալ Երուսաղէմ։
Միաբանութեան վարժապետութեան համար Պօղոս Պատրիարքի հրաւէրով, հոն մէկուկէս տարի կենալէն ետք, դարձեալ Պոլիս կու գայ եւ Չուգուր խանի մէջ սենեակ մը վարձելով, շուկայի արհեստաւոր տղոց եւ կատարեալ մարդոց դասատուութիւն կ'ընէ։
Այն ժամանակները ազգը երկուքի բաժնուած էր, մին լումայափոխներուն, իսկ միւսը՝ արհեստաւորաց դասակարգը: Ասոնց առաջինին կեդրոնատեղին Մեծ Նոր Խանն էր, իսկ երկրորդինը՝ Պէշիկթաշ՝ Պալեան Կարապետ ամիրայի տունը։
Ստեփաննոս Պատրիարք Աղաւնի լումայափոխներուն կուսակիցն էր, նոյնպէս այն ատեն կրօնական թոյլտուութեամբ բողոքականութիւնը սկսած էր ազգին մէջ տարածուիլ, այս երկու պատճառներն էին ազգին մէջ գժտութիւն յառաջ բերող, որոնք սկսան իրարու թշնամական ցոյցեր ընել եւ գիւղը այնքան ծայրայեղութեան գնաց, որ մինչեւ կառավարութիւնը միջամտեց եւ Պալեան Կարապետ ամիրան կանչելով խրատեց, որ զիրար հաշտեցնեն։ Ան ալ հաշտասէր ըլլալով Սեբաստիոյ Առաջնորդ Յակոբոս Եպ.ը Պոլիս բերել կու տայ, որ Աղաւնիի տեղ Պատրիարք կ'ընտրուի։
Այս վէճերուն հետեւանքով շատեր աքսորուելով Ֆիզիքա եւս անոց բախտակից կ'ըլլայ եւ քանի մը օրեր Պատրիարքարանի մահապարտաց բանտը խցարգիլուելէ վերջ, հիւանդոտ վիճակի մէջ կ'աքսորուի Կեսարիա, իր ձեռագիր հեղինակութիւնները, որոնք 16էն աւելի էին քննութենէ կ'անցընեն, ուր ըստ Ստեփաննոսի վկայութեան․ «Մէջը շատ պատուական բաներ կային, մինչեւ անգամ Շնորհալին այն բաները չէ կրցեր ընելու»։ Ցաւալի է որ այդ ձեռագիրները բոլորն ալ այրուած են այն ատենները, արդիւնք չքաշելու եւ չարաշահութեան։
Ֆիզիքա 1839-ին Պոլիս վերադարձաւ․ սակայն շատ ցաւեցաւ եւ անմխիթար հիւանդացաւ, երբ տեսաւ իր հեղինակութիւններուն փճացումը։ Կրօնական Ժողովոյ տնօրէնութեամբ ժառանգաւորաց դասատու կարգուեցաւ Վէզիր Խան Ս․ Կարապետի սենեակը, բոլոր քահանայացուներ եւ ազգայիններ հոն կուգային ուսմունք սովորելու համար, ուր լսարան մըն ալ հաստատեց․ ինքը կը ճառէր կրօնի եւ գիտութեան մասին եւ ամէն հարցումներուն կը պատասխանէր։
Ազգային Պատրիարքարանի տնօրինութեամբ, 1848-ին գնաց Մուշ, ուր քաղաքական խռովութիւն մը ծագած ըլլալով, հանդարտեցուց եւ Մշոյ վանքը մնալով միաբաններուն ուսմունք սորվեցուց եւ երեք տարի մնալէն ետք, 1851-ին Պոլիս վերադարձաւ, Ալի փաշա Խանը սենեակ մը վարձելով դասախօսոութիւններու սկսաւ։
Ֆիզիքա իր ժամանակին ամէնէն գիտուն եւ ողջամիտ անձը եղաւ, որ փոխանակ ծթռած գաղափարներու հետեւելու՝ փափաքեցաւ որ գիտութիւնը կրօնի հետ զուգընթաց տարածուի ազգին մէջ: Իր բնական գիտութեանց հմտութենէն է որ Ֆիզիքա պատուանունը տրուած է իրեն: Ունի անտիպ գիրքեր եւ «Տրամաբանութիւն»ը, որ երկու անգամ տպուած է իր մահէն ետք։
Ֆիզիքա խեղճ վիճակով իր մահկանացուն կնքեց 68 տարեկանին, 1855 Յունիս 9-ին, Ալի փաշա խանին մէջ եւ թաղուեցաւ Պալըղլը Տէր Գրիգորիսի թաղը։
Իր ձեռագիր նամակը ուղղուած է Նիկողոս աղա Պալեանի։