Պօղոս Անտոնեան Շաշիեան

Պօղոս Անտոնեան Շաշիեան
Ծնած է 25 Դեկտեմբեր 1744(1744-12-25)
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1815
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Պօղոս Անտօնեան Շաշիեան (25 Դեկտեմբեր 1744, Պոլիս -1815), հայ բժիշկ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է 1744-ի Դեկտեմբեր 25-ին, հայրը Անտօն, բնիկ Պոլսեցի։ Մեծ հայրը կը կոչուէր Շաշի Ախտէր Յարութիւն Սեբաստացի։ Պօղոս ի սկզբան իր հօրը անուամբ Անտօնեան կոչուած է բայց յետոյ պապական անուամբ Շաշիեան մականուանուած է։

Իր տղայ հասակէն ուսունմասէր եւ աշխատասէր կանուխէն փափաքող եղած է բժշկութեան կատարելագործութեան, զոր ժառանգաբար իր պապը եւ հայրը իբր ախտէր արդէն կ՛ընէին։

16-17 տարեկանին Պոլսոյ Հայ երիտասարդութեան մէջ առաջին անգամը կ՛ըլլայ, որ 1762-ին կ՛երթայ Իտալիա, ուսանելու համար բժշկութիւն, եւ այդպէսով կրցած է կատարելագործել իր ուսմունքը աւարտելով իտալիոյ հռչակաւոր բժշկական համալսարանին ընթացքը։ 1769-ին վկայական առնելով կը վերադառնայ Պոլիս եւ 1772 Յուլիս 1-ին կ՛ամուսնանայ Փեփրոն անուն օրիորդի մը հետ եւ կ՛ունենայ զաւակներ, որոնցմէ մէկն է բժիշկ Մանուէլ Շաշիեան։

Իր հռչակը օրէ օր աւելնալով բոլոր երեւելիներու եւ ամիրաներու բժիշկը կ՛ըլլայ, նաեւ Արքունի Բժիշկ պատուանունը կ՛ունենայ։ 1778Մայիս 15-ին Պոլսոյ մէջ պատահած է մեծ ժանախտ մը, որու սաստկութիւնը 40 օրէ աւելի չէ տեւած, սակայն այդչափ ատենուան մէջ մեռնողներու թիւը 300,000ը կ՛անցնէր ինչպէս կ՛ըսէ Այվազովսքի (պատմ. Օմս. էջ 377)։

Այդ թուականին Պօղոս Շաշիեան 34 տարեկան հասակին մէջ մեծ դեր կ՛ունենայ եւ հաւանական է, որ Սուլթան Համիտ Ա. կայսեր Բժշկապետ կ՛անուանուի։

Սուլթան Համիտ վախճանելով՝ 1789Մարտ 7-ին, Սուլթան Սէլիմ Գ. անոր կը յաջորդէ որուն եւս «Արքունի Բժիշկը» ըլլալու պատուոյն կ՛արժանանայ։

Ան կը մահանայ 1815 թուականին, զոր հետեւաբար ծառայած է չորս Սուլթաններու։ Թաղուած է Պալըքլըի Հայոց գերեզմանատան մէջ։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Զարդարեան Յիշատակարան, Ա. հատոր, Կ. Պոլիս 1911, էջ 163: