Մանուէլ Շաշիեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Ծնած է | 25 Դեկտեմբեր 1775 |
---|---|
Ծննդավայր | Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 9 Յունուար 1858 (82 տարեկանին) |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Մանուէլ բժ․ Շաշիեան (25 Դեկտեմբեր 1775, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 9 Յունուար 1858), հայ բժիշկ։
Պօղոս Անտոնեան-Շաշիեան՝ անուանի բժիչկին, անդրանիկ զաւակը։ Մանուէլ բժշկ. ծնած է Պոլիս՝ 25 Դեկտեմբեր 1775–ին։
Մանուկ հասակէն իտալիա գացած եւ իր նախապատրաստական ուսմունքը ստացած է Մխիթարեան վարժարանէն ներս, ուր մայրենի ու օտար լեզուներու հմտանալէ զատ գիտութեանց մէջ ալ կը հմտանայ ու 1795–ին կ՛արձանագրուի Բատուայի բժշկական համալսարանը։ Հինգ տարիներ աշակերտելով սոյն համալսարանին կ՛աւարտէ իր ուսմանց ընթացքը․ 25 տարեկանին արդէն վկայեալ բժիշկ էր։ Քիչ մը ատեն եւս մնալով Իտալիա 1801–ին կը վերադառնայ Պոլիս։
Իր հայրը այն ատեն բժշկական ասպարէզին փառքի գագաթնակէտին հասած էր, Մանուէլ իր հօր ձեռքին տակ մեծ համբաւ կը շահի եւ անոր մահուընէ ետք ա՛լ աւելի հռչակաւոր կը դառնայ։ Բնակած է Օրթագիւղ ու երբեմն ալ Ղալաթիա, հայ ու օտար բազմաթիւ երեւելիներու անձնական բժիշկը եղած է։ Իր հօրը մահէն ետք, անոր կատարած բժշկական մեծ ծառայութեանց փոխարէն, Մանուէլ բժիշկ պատիւ ունեցաւ Սուլթան Մահմուտ Բ․ կայսեր «Արքունի Բժիշկ» անուանուելու, պաշտօն մը, զոր վարեց երկար տարիներ մեծ յաջողութեամբ։ Երջանկայիշատակ Սուլթան Մահմուտի մահէն վերջ Սուլթան մէճիտ կայսեր անձնական բաժիշկը անուանեցաւ։
Գրական բազմաթիւ աշխատութիւններ ունեցած է, որոնք Ղալաթիոյ մեծ հրդեհին մէջ այրած են։ 1831-1832 թուականներուն Պոլսոյ մէջ քոլերան սաստկապէս ճարակելով ինք յաջողած է համոզել երեւելիներէն շատեր եւ սկսիլ հիմնարկութեան բանկալթիի Ս․ Յակոբայ անկելանոցին, որ նախապէս պարզ տաղաւար-ժանտախտանոց մը ու քանի մը տարի ետք 1836–ի Օգոստոս 1–ին Աբելեան, Սաքաեան, Արդարեան, Ղազարոսեան, Սաքըզեան, Գազազեան երեւելիներու շնորհիւ եղած է այսօրուան հաստատութիւնը, ինչպէս նշանակուած է յիշեալ հաստատութեան ճակատը։ Երկար ատեններ գովելի անձնուիրութեամբ բժշկապետը եղած է Ս․ Յակոբայ հիւանդանոցին եւ իր մահուան մօտ՝ 1857 Նոյեմբերին, կարեւոր գումար մը կտակած է սոյն հաստատութեան։
1838–ին, երբ Սուլթան Մահմուտ Բ․ հիմնեց Թուրքիոյ առաջին բժշկական վարժարանը Բերայի Կայաթա-Սէրայի հին շէնքին մէջ։ Շաշիեան խորհրդատու եղած էր ու կարծել տալով Շահզատէ Պաշիի ճերահլար մեքթեպին, հաստատել տուած է այսօրուան բժշկական վարժարանը։ պատուած է Սուլթան Մէճիտ իր իսկ ձեռքով կախած է վզէն։
Վախճանած է 1858–ի Յունուար 9–ին՝ 83 տարեկան հասարակին մէջ եւ թաղուած է Բանկալթիի Ս․ Յակոբայ հիւանդանոցին պատէզը, սակայն յետոյ տեղափոխած են իր սոկորները (յայտնի չէ թէ ուր)։