Պուպրիկներու Հիւանդանոցը
Պուպրիկներու Հիւանդանոցը, կը գտնուի Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի կեդրոնը:
Հոն, պուպրիկները կը նորոգուին կամ կը հաւաքուին զգուշութեամբ եւ սիրով` հինգ սերունդներէ ի վեր:
Իւրաքանչիւր պուպրիկ ունի իրեն յատուկ «հիւանդի քարտը»: Այս հիւանդները կը խնամուին փորձառու երեք «բժշկուհիներու» կողմէ: Այս կիները անոնց կը դնեն նոր աչք մը, թեւ մը կամ մազեր, զորս կ'ընտրեն պզտիկ դարակներու մէջ շարուած հարիւրաւոր կտորներէ[1]:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ընտանեկան այս հաստատութեան պատմութիւնը սկսած է ԺԹ. դարուն: «Փոքրիկ պառաւ կին» մը` Քարլոթա տա Սիլվա Լուս իր ժամանակը կ'անցընէր կտորէ պուպրիկներ շինելով` նստած իրեն ծանօթ բժշկական խոտեր եւ համեմներ ծախող անձի մը փողոցի թիւ 7 խանութին առջեւ, Լիզպոնի Փրասա տա Ֆիկերայի մէջ, ուր բացօթեայ մեծ շուկայ մը գոյութիւն ունէր:
1830-ին հիմնուած այս հաստատութեան անունը յիշուած է զբօսաշրջիկներու ուղեցոյցի գիրքերուն մէջ` իբրեւ աշխարհի ամէնէն հին «պուպրիկներու հիւանդանոցներէն» մէկը, որ տակաւին կը բանի, ինչպէս նաեւ` աշխարհի տասը ամէնէն շատ հետաքրքրական խաղալիքներու խանութներէն մէկը:
«Հիւանդանոցին» յաճախորդները թանգարաններ են, հաւաքածոներու սիրահարներ, սակայն յատկապէս` անհատներ, որոնք շատ կապուած են այս առարկաներուն[2]:
Ժամանակի ընթացքին խանութին ցուցափեղկերը զարդարող պուպրիկները կը գրաւեն բժշկական խոտերուն եւ համեմներուն տեղը: Ամբողջ թանգարան մը կը յատկացուի այդ պուպրիկներուն` առաջին յարկին վրայ. մօտաւորապէս 4000 պուպրիկ կը լեցնեն այդ թանգարանը մինչեւ առաստաղը, ոչ շատ հեռու այն աշխատանոցէն, ուր կը խնամուին «հիւանդները»[3]:
Հոն կարելի է գտնել յախճապակիէ գլուխներով հարիւրամեայ պուպրիկներ, պուպրիկներու տուներ, Փորթուկալի տարբեր շրջաններու աւանդական հագուստներով պուպրիկներու հաւաքածոյ մը եւ նոյնիսկ` քանի մը արդի Պարպիներ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Պուպրիկներու «հիւանդանոց»՝ Լիզպոնի մէջ
- ↑ «Պուպրիկներու խնամքը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-08-24-ին։ արտագրուած է՝ 2023-08-24
- ↑ Պուպրիկներու հիւանդանոց