Jump to content

Պուկանտա թագաւորներու դամբաններ, Քասուպի

Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան
Պուկանտա թագաւորներու դամբաններ, Քասուպի
Kasubi Tombs
Պուկանտա թագաւորներու դամբաններ, Քասուպի
Երկիր Ուկանտա
Շրջան Ափրիկէ
Տարածութիւն 0.26 քմ²
Անուանուած է Քասուպի դամբաններ
Պաշտօնական կայքէջ kasubitombs.org

Պուկանտա թագաւորներու դամբաններ կամ Քասուպի դամբաններ․ կը գտնուին Ուկանտայի Քամփալա մայրաքաղաքը եւ Պուկանտա ցեղախումբին չորս թագաւորներու թաղման վայրն է։ 2001 Դեկտեմբերին յայտարարուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան։

Դամբաններու կառուցուածքը կը գտնուէր ընթարձակ շրջափակի կը վերջաւորութեան

Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձանը Պուկանտա թագաւորութեան* մէջ տարածուած 31 թագաւորական դամբաններէն մէկն է եւ կ՛ընդգրկէ 0.26քլ² մը Քամփալա քաղաքի Քասուպի բլուրին վրայ քաղաքի կեդրոնէն 5քլ․ դէպի հարաւ-արեւմուտք։ Վայրին մէկ մասը կը ներփակէ 1882-ին Մութիսա Ա․-ին (Պուկանտայի 35-րդ թագաւորը) կողմէ կառուցուած արքունիք մը, որ փոխարինած է հօրը՝ Սիունա Բ․-ին արքունիքը կառուցուած 1820-ին։

Պուկանտա թագաւորութիւն․ Ուկանտայի սահմաններուն մէջ Պականտա ցեղախումբին թագաւորութիւն հիմնուած ԺԳ․ դարուն, ուր կը գտնուի նաեւ Քամփալա մայրաքաղաքը։

Քասուպի դամբաններու վայրը կը պարունակէ Պուկանտայի չորս Քապաքասներու թագաւորական դամբաններ (Քապաքաս․ Պուկանտայի թագաւորներ)։

Դամբանները կը գտնուին բոլորաձեւ շինութիւններու մէջ յարդահարկ տանիքով։ Մինչեւ այսօր Պականտա ցեղախումբին համար մշակութային եւ քաղաքական յուշարձան մըն է։ 2001-ին յայտարարուած են Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձաններ։ Մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կը ներգրաւէ։

16 Մարտ 2010-ին, հրդեհ մը Քասուպի դամբանները կը կործանէ։ Պուկանտայի թագաւորութիւնը երդում տուած է դամբանները վերականգնել, իսկ Ուկանտայի նախագահը խոստովանած է օժանդակել վերակառուցման գործը։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]