Jump to content

Պղինձէ Հեծեալ

Պղինձէ Հեծեալ
ռուս.՝ Медный всадник
Յուշարձան՝ նուիրուած Պետրոս Ա.-ին
Lua error in Մոդուլ:Location_map at line 442: Unable to find the specified location map definition. Neither "Module:Location map/data/Ռուսիա" nor "Template:Տեղորոշման քարտեզ Ռուսիա" exists.
Կը Գտնուի Սանթ Փիթըրսպուրկ
Շինութեան ձեւ յուշարձան
Ներկայ վիճակ Կաղապար:Ռուսաստանի մշակութային ժառանգություն

Պղինձէ Հեծեալ (ռուս.՝ Медный всадник), յուշարձան, որ կը գտնուի Սեն Փեթերսպուրկ քաղաքի Սենատական հրապարակին վրայ, նուիրուած է Պետրոս Առաջինին: Բացումը տեղի ունեցած է 7 Օգոստոս 1782-ին։

Իր անուանումը ստացած է Ալեքսանդր Փուշքինի համանուն պոեմէն, չնայած այն հանգամանքին, որ ի սկզբանէ անիկա պատրաստուած եղած է պրոնզէ[1]:

Ստեղծման Պատմութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պղինձէ Հեծեալ (հատուած)

Պետրոսի` նժոյգով արձանի բնորդը կերտած է քանդակագործ Էթիէն Մորիս Ֆալկոնէն 1768-1770 թուականներուն։ Արձանի գլուխը ծեփագործած է նոյն քանդակագործի աշակերտուհի Մարի Անն Քոլլօն: Ֆալկոնէի ծրագիրով օձը կերտած է Ֆիոտոր Գորտեյեւը: Արձանի ձուլուածքը իրականացուած է ձուլման վարպետ Վասիլի Պետրոսովիչ Եկիմովի ղեկավարութեամբ՝ ստանալով իր վերջնական տեսքը 1778-ին։

6 Օգոստոս 1766-ին Փարիզի մէջ ռուս պատուիրակ Տմիթրի Գոլիցինը համաձայնագիր կնքեց Եկատերինա Բ.-ի կողմէ երաշխաւորուած ֆրանսացի քանդակագործ Ֆալկոնէի հետ։ Շուտով Ֆալկոնէի` Սեն Փեթերսպուրկ ժամանումէն ետք՝ 15 Հոկտեմբեր 1766-ին, յուշարձանի ստեղծման աշխատանքները սկսան մեծ թափով առջեւ երթալ։ Անոր արուեստանոցը դարձաւ Ելիզաւետա Պետրովնայի ձմեռնային դղեակի նախկին գահադահլիճը։ Դղեակի մօտակայքը գտնուող նախկին ախոռի քարէ շինութիւնը կը ծառայէր որպէս Ֆալկոնէի կացարան։ 1773-ի սկիզբը Ֆալկոնէին օգնութեան եկաւ Ֆելտէն. ան պէտք է փոխարինէր աշխատանքէն հեռացուած կապիտան տէ Լասկարիին, եւ բացի ատկէ, յուշարձանի կանգնեցման հարցին մէջ արուեստագէտ ճարտարապետի հսկողութիւն անհրաժեշտ էր[2]:

Որոտաքարը գտնուած է Կոննայա Լախտա գիւղի շրջակայքին մէջ։ Երբ անիկա առանձնացուեցաւ հողէն, փորուածքը լեցուեցաւ ջուրով՝ յառաջացնելով մինչեւ այսօր պահպանուած ջրափոսը, որ յայտնի է Պետրովսկի լճակ անունով։ Քարը, իր գտնուած վայրէն մինչեւ Սեն Փեթերսպուրկ, կտրած է 7855 մեթր ճամբայ[3]:

Որոտաքարի տեղափոխում

Քարի տեղափոխման համար յատկապէս ընտրուած էին ձմեռուան ամիսները, երբ հողը սառած էր եւ կրնար դիմանալ ծանրութեան։ Այս եզակի գործողութիւնը շարունակուեցաւ 15 Նոյեմբեր 1769-էն մինչեւ 27 Մարտ 1770։ Քարը հասցուեցաւ Ֆիննական ծոցի ափը, ուր զայն բեռնելու համար ստեղծուեցաւ յատուկ նաւամատոյց։ Ջուրի վրայով քարին տեղափոխումը իրականացուեցաւ ծանօթ նաւաշինարար Կրիկորի Քորչեպնիքովի ստեղծած յատուկ նաւով։ Հսկայական «Որոտաքարը» (Grom-kamen) Փեթերսպուրկ հասաւ 26 Սեպտեմբեր 1770-ին։ Նեւա գետի ափին գործադրուեցաւ բեռնաթափման հետեւեալ ձեւը. նաւը ընկղմուեցաւ եւ ի սկզբանէ գետի յատակին զետեղուած ցցերու միջոցով քարը հանուեցաւ ափ։ Քարը իր վերջնական տեսքը ստացաւ Սենատի հրապարակին վրայ՝ զգալիօրէն կորսնցնելով իր սկզբնական չափերը։

1769 թուականին աւարտած յուշարձանի գաճէ մոտելը, որ յաջորդ տարի երկու շաբաթ շարունակ ցուցադրուեցաւ հանրութեան, կը սպասէր ձուլման։ Ֆալքոնէն, որ երբեւիցէ չէր զբաղած նմանօրինակ ձուլումով, հրաժարեցաւ ինքնուրոյն կերտել ձուլուածքը եւ սպասեց ֆրանսացի վարպետ Պ. Էրսմանի գալուստին։ Ձուլող վարպետը իր երեք օգնականներուն հետ ժամանեց 11 Մայիս 1772-ին՝ իրեն հետ բերելով յաջողութեան երաշխիքին համար անհրաժեշտ բոլոր պարագաները՝ «հող, աւազ, կաւ…»։ Սակայն երկար սպասուած վարպետը չկրցաւ գոհացնել իր առջեւ դրուած պահանջները, եւ շուտով Ֆալքոնէի պահանջով ան հեռացուեցաւ։ Այդ պահէն սկսեալ Ֆալքոնէն իր վրայ վերցուց ձուլման աշխատանքները։ Քանդակին առանձին ձուլումը տեղի ունեցաւ 1775-ի ամրան։ 1777-ին պատրաստուեցան արձանի վերին հատուածները։ 1778-ին Ֆալքոնէն ստիպուած էր լքել Ռուսաստանը։ Յուշարձանի աշխատանքները յանձնուեցան Եու. Մ. Ֆելթենին։

Յուշարձանը հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ 7 Օգոստոս 1782-ին։ Ճակատագրի քմահաճոյքով Ֆալքոնէն այդպէս ալ չհրաւիրուեցաւ արձանի բացման։ Անիկա ռուս արքայի երկրորդ յուշարձանն էր։ Նժոյգի վրայ պայմանական հանդերձանքով նստած՝ Ֆալքոնէն Պետրոսը պատկերած է իբրեւ օրէնսդիր եւ քաղաքակրթող։ Ահա թէ ինչ գրած է Ֆալքոնէն այս առիթով. «Իմ յուշարձանը պիտի կանգնեցուի… Ես կը սահմանափակուիմ միայն այս հերոսի արձանով, որուն ես կը դիտարկեմ ոչ թէ իբրեւ հզօր զօրապետ կամ յաղթանակող, թէեւ ան եղած է եւ՛ մէկը, եւ՛ միւսը, այլ իբրեւ օրէնսդիր-ստեղծող բարձր անհատականութիւն»։ Քանդակագործը Պետրոսը պատկերած է ընդգծուած շարժուն (dynamic) վիճակի մէջ, հագցուցած է պարզ ու թեթեւ հագուստ, որ, ըստ քանդակագործին, կը պատկանի «բոլոր ազգութիւններուն, բոլոր տղամարդոց եւ բոլոր դարերուն. մէկ խօսքով՝ ատիկա հերոսական հանդերձանք է»։

Պետրոս Մեծի յուշարձանի բացումը: Ա.Կ. Մելնիկովայի փորագրութիւն Ա.Պ. Տաւիդտվի նկարէն, 1782

Հարուստ թամբը ան փոխարինած է արջի մորթով, որ կը խորհրդանշէ թագաւորին քաղաքակրթած ազգութիւնը։ Վիթխարի ժայռի տեսք ունեցող պատուանդանը Պետրոս Առաջինի յաղթահարած դժուարութիւններուն խորհրդանիշն է, իսկ անոր ոտքերուն տակ գտնուող օձը կը մարմնաւորէ «չար ուժերը»։ Եւ միայն արքայի գլխուն դրուած դափնեպսակն ու գօտկատեղէն կախուած թուրը Պետրոսին կու տան յաղթանակող-զօրահրամանատարի տեսք։

Ստեղծագործութեան հիմնական գաղափարի քննարկումներուն մասնակցած են Եկատերինա Բ.-ն, Տիտըրոն եւ Վոլթերը։ Յուշարձանը պէտք է մարմնաւորէր քաղաքակրթութեան, մտքի ու մարդկային կամքի յաղթանակը վայրի բնութեան դէմ։ Պատուանդանը պէտք է խորհրդանշէր բնութիւնն ու բարբարոսութիւնը, եւ այն փաստը, որ Ֆալքոնէն հղկած ու ողորկած էր վիթխարի «Որոտաքարը», յառաջացուց ժամանակակիցներու վրդովմունքն ու քննադատութիւնը։

Պետրոս Ա.-ի թիկնոցի ծալքերէն մէկուն վրայ քանդակագործը ձգած է հետեւեալ գրութիւնը. «Ծեփակերտած եւ ձուլած է Էթիէն Ֆալքոնէն 1778 թուականին»։ Պատուանդանի մէկ կողմին վրայ եղած գրութիւնը կ’ըսէ. «Պետրոս Առաջինին՝ Եկատերինա Երկրորդէն, 1782 թուական» (ռուս.՝ ПЕТРУ перьвому ЕКАТЕРИНА вторая лѣта 1782), իսկ միւս կողմը կայ հետեւեալ լատիներէն գրութիւնը. «PETRO primo CATHARINA secunda MDCCLXXXII»։ Այս բոլորէն կարելի է ենթադրել, որ կայսրուհին փափաքած է հաստատել յաջորդականութեան գիծ մը՝ Պետրոսի եւ իր սեփական գործունէութեան ժառանգութեան միջեւ։

Պետրոս Առաջինի յուշարձանը արդէն 18-րդ դարուն դարձաւ քաղաքային առասպելներու եւ անեկտոտներու թիրախ, իսկ 19-րդ դարու սկիզբը անիկա դարձաւ ռուսական բանաստեղծութեան ամենայայտնի նիւթերէն մէկը։

Մայոր Բատուրինի Մասին առասպելը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1812 թուականի Հայրենական պատերազմի ժամանակ, ռուսական զօրքերու նահանջին պատճառով, Սան Փեթերսպուրկի ֆրանսացի զօրքերուն կողմէ նուաճուելու վտանգ մը յառաջացաւ։ Այս մտքէն անհանգստացած՝ Ալեքսանտր Ա. հրամայեց քաղաքէն դուրս բերել արուեստի ամենաթանկարժէք ստեղծագործութիւնները։ Պետական քարտուղար Մոլչանովին յանձնարարուեցաւ Պետրոս Ա.-ի յուշարձանը տեղափոխել Վոլկոկրատ, եւ այս գործողութեան համար յատկացուեցաւ քանի մը հազար րուբլի։

Այդ օրերուն, մայոր Բատուրին անունով անձ մը կը հանդիպի արքայի մտերիմ ընկերոջ՝ իշխան Կոլիցինի հետ եւ անոր կը պատմէ, թէ զինք կը հետապնդէ նոյն երազը։ Ան ինքզինք կը տեսնէ Սենատի հրապարակին վրայ. Պետրոսի հայեացքը կը շրջուի, հեծեալը վար կ’իջնէ ժայռէն եւ Փեթերսպուրկի փողոցներով կ’ուղղուի դէպի Քարէ կղզի (Kammeny Island), ուր այն ժամանակ կ’ապրէր Ալեքսանտր Ա.-ն։ Հեծեալը կը մտնէ Քարէ կղզիի բակը, ուրկէ տանտէրը դէմ առ դէմ դուրս կու գայ անոր։ «Երիտասա՛րդ, ի՞նչ ըրիր դուն իմ Ռուսաստանիս հետ,– կ’ըսէ անոր Պետրոս Մեծը,– բայց քանի դեռ ես իմ տեղս եմ, քաղաքիս ոչինչ կը սպառնայ»։ Այնուհետեւ հեծեալը ետ կը շրջուի, եւ դարձեալ կը լսուի նժոյգին «ծանր ու հնչեղ վարգը»։

Բատուրինի պատմութենէն ապշած՝ իշխան Կոլիցինը լսածը կը յայտնէ կայսրին։ Արդիւնքը այն կ’ըլլայ, որ Ալեքսանտր Ա. կը չեղարկէ յուշարձանի տեղահանման իր հրամանը։ Յուշարձանը կը մնայ իր տեղը։ Կան ենթադրութիւններ, որ Ալեքսանտր Փուշկինի «Պղնձէ հեծեալը» պոեմը գրուած է մայոր Բատուրինի մասին այս առասպելին հիման վրայ։

Փեթերսպուրկեան բանահիւսութեան մէջ լայն տարածում ունի ապագայ կայսր Փաւել Ա.-ի` Պետրոս Մեծի ուրուականի տեսիլքի մասին առասպելը, այն վայրին մէջ, ուր հիմա կանգնած է յուշարձանը։

Անգամ մը իրիկուան դէմ, Պաւելը իր ընկերոջ՝ իշխան Քուրաքինի ընկերակցութեամբ կը քալէր Փեթերսպուրկի փողոցներով։ Յանկարծ, առջեւը կը նշմարուի լայն վերարկուի մէջ փաթթուած մարդ մը։ Կը թուէր, թէ այդ մարդը կը սպասէր ճամբորդներուն, եւ երբ վերջիններս մօտեցան, սկսաւ քալել անոնց կողքին։ Պաւելը ցնցուեցաւ եւ ըսաւ Քուրաքինին. «Մեզի հետ մէկը կը քալէ»։ Սակայն Քուրաքինը ոչ ոք կը տեսնէր եւ կը փորձէր կայսրը համոզել այդ մասին։

Յանկարծ ուրուականը կը խօսի. «Պաւե՛լ, խեղճ Պաւե՛լ։ Ես այն մարդն եմ, որ քեզի կը կարեկցի»։ Այնուհետեւ ուրուականը կ’անցնի ճամբորդներէն առաջ, կարծես զանոնք իր ետեւէն տանելով։ Հասնելով հրապարակի կեդրոնը՝ ան ցոյց տուաւ ապագայ յուշարձանին տեղը։ «Յաջողութիւն, Պաւե՛լ,– ըսաւ ուրուականը,– դուն շուտով զիս դարձեալ պիտի տեսնես հոս»։ Եւ երբ հեռանալու պահուն ան բարձրացուց գլխարկը, Պաւելը սարսափահար նայեցաւ Պետրոսի դէմքին։

Ինչպէս ցոյց կու տան լեգենդի բնագրային վերլուծութիւնները, ատոնք յառաջացած են պարոնուհի ֆոն Օպերքիրհի յուշագրութիւններէն։ Պարոնուհին մանրամասնօրէն կը նկարագրէ հանգամանքները, ըստ որոնց Պաւելը, հակառակ իր կամքին, հրապարակաւ պատմած է այս պատմութիւնը։ Հաշուի առնելով երկարամեայ օրագրային յուշագրութիւններու ճշգրտութիւնը եւ պարոնուհիին ու Պաւելի կնոջ՝ Մարիա Ֆէոտորովնայի մտերմութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ լեգենդի աղբիւրը հենց ինքը՝ ապագայ տիրակալն է։[4]

Արդեօ՞ք Պաւելը այս պատմութիւնը դիտարկած է իբրեւ հետաքրքրաշարժ զաւեշտ։ Ըստ յուշագրութեանց տեսակէտին՝ հենց այնպէս չէ, որ ֆոն Օպերքիրհը կը յայտնէ, թէ յիշատակի ընթրիքէն կէս ամիս ետք Պաւելը Փեթերսպուրկէն նամակ մը կը ստանայ։ Նամակը կը տեղեկացնէր Պետրոս Մեծի յուշարձանի հանդիսաւոր բացման մասին, որ հետագային ստացաւ «Պղնձէ հեծեալ» անուանումը։ Ըստ ֆոն Օպերքիրհի՝ նամակը կարդալու պահուն տիրակալը որքան ալ փորձած է ժպտիլ, միեւնոյնն է՝ անոր դէմքը պատուած էր մեռելային գունատութեամբ[5]:

Պղինձէ Հեծեալը Եւ «Առեղծուածային Փեթերսպուրկեան Հատուածը»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Եուտենիչի 1000 ռուպլի թղթադրամ, 1919

Պղինձէ հեծեալի կերպարը ինկած է ռուս գրականութեան «առեղծուածային Փեթերսպուրկեան հատուածի» կեդրոնը` համակուած հակասականութեամբ եւ սիւռեալիզմով[6][7]:

Իր` «Պղինձէ Հեծեալ» անուանումը յուշարձանը «պարտական» է Ալեքսանդր Սերգեյեւիչ Փուշքինի համանուն ստեղծագործութեան։ 1824-ի ջրհեղեղի ժամանակ կորսնցնելով իր սիրեցեալ Պարաշին` չինովնիկ Եւգէնին մոլուցքի մէջ կը թափառէր Փեթերսպուրկով մէկ։ Պետրոս Մեծի յուշարձանին դէմ առնելով` հերոսը կը հասկնայ, որ թագաւորը մեղաւոր է իր դժբախտութիւններուն մէջ։ Եւգէնին կը սպառնայ արձանին եւ Պղինձէ հեծեալը կ'իջնէ պատուանդանէն եւ խելագարի ետեւէն կը վազէ։ Իրականութեան մէջ կը վազէ արդեօք պրոնզէ կուռքը թէ ատիկա միայն չինովնիկի հիւանդագին գիտակցութեան մէջ էր, անյայտ է[8]:

Այս նոյն կերպարը գրուած է նաեւ Ֆ.Մ. Տոստոյեւսկիի «Դեռահասը» վէպին մէջ։ «Իսկ մինչ այդ, երբ այդ մառախուխը կը ծփայ եւ վեր կ'երթայ, արդեօ՞ք չ'երթար իր հետ այս փտած, լպրծուն քաղաքը, կը բարձրանայ մշուշի հետ եւ կ'անհետանայ ինչպէս ծուխ, եւ կը մնայ հին ֆիննական ճահիճը, իսկ անոր մէջտեղը, թերեւս գեղեցկութեան համար, պրոնզէ հեծեալը կրակի պէս շնչող, ուժասպառ ձիու վրայ»[9]: Անտրէյ Բելովի «Փեթերսպուրկ» վէպի հերոսը, հալուցինացիաներուն գերի ինկած, չար ուժերու հետ պայման կը կապէ եւ կը սպաննէ իր ընկերը։ Ապա, ան կը բարձրանայ դիակի վրայ եւ կը կարծրանայ պղինձէ հեծեալի դիրքով, ցուցադրելով իր զէնքը` արիւնոտ մկրատը[10]:

Եւ վերջապէս, 20-րդ դարու յայտնի միստիկ եւ ֆանտազիոր Դանիէլ Անդրեյեւը «Աշխարհի վարդ» ստեղծագործութեան մէջ, նկարագրելով սատանայական աշխարհներէն մէկը, կը յայտնէ այն մասին, որ Փեթերսպուրկի մէջ Պղինձէ հեծեալը` ջահը ձեռքին, կը հանդիսանայ միակ լոյսի աղբիւրը, ընդ որում Պետրոսը նստած է ո՛չ թէ ձիու, այլ՝ հրէշաւոր վիշապի վրայ[11]:

Յիշարժան Մետաղադրամներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պետրոս Ա. յուշարձանը ԽՍՀՄ 1990-ի ոսկէ յիշարժան մետաղադրամի վրայ «ռուսական միասնական պետութեան 500-ամեակ» շարքէն

1988-ին ԽՍՀՄ Պետական դրամատունը Սան-Փեթերսպուրկի մէջ շրջանառութեան հանեց Պղինձէ հեծեալի պատկերով յիշարժան մետաղադրամներ` 5 ռուբլի անուանական գինով։ Մետաղադրամը պատրաստուեցաւ պղինձէ-նիքըլային ձուլուածքէն 2 մլն. օրինակով եւ 19.8 կրամ քաշով։ Իսկ 1990-ին պետական դրամատունը թողարկեց յիշարժան մետաղադրամ «ռուսական միասնական պետութեան 500-ամեակ» շարքէն 900 ոսկէ նմուշ 100 ռուբլի անուանական գինով` Պետրոս Ա.ի նուիրուած յուշարձանի պատկերով[12]:

Ֆիլատելիայի Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յուշարձանը պատկերուած է Ռուսաստանի 1904-ի № 58 (բարեգործական հրապարակին վրայ) նամականիշին վրայ։

  1. Ն1 Բուրժուական արվեստի և գրականության ուղղություն

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. http://www.hellopiter.ru/The_copper_horseman.html
  2. «Медный всадник (Памятник Петру I) - Прогулки по Петербургу»։ walkspb.ru։ արտագրուած է՝ 2016-08-05
  3. Иванов Г. И. Камень-Гром. Историческая повесть. — СПб.: Стройиздат, 1994. — С. 56-62, 69-79.. — 112 с., ил. с. ISBN 5-87897-001-5
  4. Нежинский Ю. В., Пашков А.О. Мистический Петербург: историческое расследование. — Montreal: Т/О «НЕФОРМАТ» Издат-во Accent Graphics Communications, 2013. С. 16-18. — ISBN 9-78130155-498-0
  5. Memoirs of the Baroness d’Oberkirch, countess de Montbrison (3 volumes). Vol 2. L., 1852. P. 146—147
  6. Ն1 բուրժուական արվեստի և գրականության ուղղություն
  7. Нежинский Ю. В., Пашков А.О. Мистический Петербург: историческое расследование. — С. 18-19
  8. Пушкин А. С. Собрание сочинений в 10 томах. Т. 3. Л., 1977. С. 284—300
  9. Достоевский Ф. М. Собрание сочинений в 15 томах. Т. 8. Л., 1957. С. 218
  10. Андрей Белый. Между двух революций. М.. 1991. Электронная версия.
  11. Андреев Д. Л. Роза мира. М., 1991. Электронная версия
  12. «5 рублей 1988 Ленинград "Памятник Петру Первому"»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-06-01-ին։ արտագրուած է՝ 2013-03-04

Արտաքին Յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Քույրհղումներ