Jump to content

Պրիսթոլ Պանդոկ (Պէյրութ)

(Վերայղուած է Պէյրութի Պրիսթոլ Պանդոկը-էն)

Պէյրութի Պրիսթոլ Պանդոկը (Ֆր.Le Bristol ) շքեղ պանդոկը կը գտնուի Լիբանանի Վերտուն շրջանի, Մատամ Քուրի փողոցի վրայ: Լիբանանի երբեմնի ամենէն շքեղ եւ խորհրդանշական պանդոկներէն մէկը եւ անբաժան մէկ մասն է Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան եւ ժամադրավայրը քաղաքական աւագանիին, հիւրընկալելով շքեղ հարսանիքներ եւ ընկերային այլ ձեռնարկներ: Արեւմտեան Պէյրութը շէնցնող պանդոկներու հոյլին կը պատկանէր Պրիսթոլ՝ 50էն 70ական թուականներուն իր մերձակայքը գտնուող Ալքազար եւ քիչ մը անդին՝ ծովեզերքին վրայ իշխանավայել կանգնած Սեն Ժորժ պանդոկներու կողքին:

  • Պէյրութի Պրիսթոլ Պանդոկը նաեւ կը գտնուի դիմացը այն շէնքին ուր իսրայէլացի գործակալներ 1973-ին սպանեցին պաղեստինցի երեք պատասխանատու ղեկավարներ, որուն հետեւանքով օրուան կառավարութիւնը հրաժարեցաւ:
  • Հակառակ 15 տարիներու Լիբանանեան արիւնալի եւ կործանարար քաղաքացիական պատերազմին պանդոկը բաց պահած էր իր դռները:
  • Ան զոհը դարձաւ Լիբանանի տնտեսական թնճուկ-տագնապին որուն վրայ եկած էր աւելնալու Քորոնա ժահրի բարդութիւնը:
  • Պանդոկին վերջնական փակման յայտարարութիւնը կատարուեցաւ  22 Ապրիլ 2020-ին: Պէյրութի Պրիսթոլ Պանդոկը իր դռները վերջնականապէս պիտի փակէ Ապրիլ ամսուան վերջաւորութեան եօթանասուն տարուան գոյութենէ ետք:

Համբաւաւոր Հիւրեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պէյրութի Պրիսթոլ Պանդոկը հիւրընկալած է աշխարհահռչակ անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին Իրանի շահը եւ իշխանուհի Սուրայան, Մոնաքոյի Ալպերթ իշխանը: Առաւել ըլլալով Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Ապտալլա Պըն Ապտիւլ Ազիզը եւ Ֆրանսայի նախագահ Ժագ Շիրաքը իջեւանած են հոն: Արաբական աշխարհի ամենատաղանդաշատ եւ սիրուած ժողովրդային բանաստեղծ Նիզար Քապպանին յաճախ այցելած է Պրիսթոլ պանդոկը:

Ճարտարապետական կառուցուածք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պէյրութի Պրիսթոլ Պանդոկը նշանաւոր դարձած էր իր պարասրահովներով, փակ լողաւազանով եւ Լիբանանի առաջին սառցադաշտով: Ոճը՝ միաձուլումն էր արեւելեան եւ արդիական ճարտարապետութեան:

Պանդոկը նախագծուած է ֆրանսացի (interior designer) կառոյցի Ներսի ձեւաւորման հեղինակ հնարիչ Ժան Ռոյէրի կողմէ: [2]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Le Bristol Beirut

Landmark Lebanese hotel closes doors after almost 70 years

AN IDEAL 21ST CENTURY VENUE