Jump to content

Պեգասեան Թռչնիկ (հանդէս)

Պեգասեան Թռչնիկ
Տեսակ պարբերաթերթ
Խմբագիր Գրիգոր Վ. Ալէաթճեան
Հիմնադրուած է 1863
Հրատարակման վայր Կոստանդնուպոլիս

«Պեգասեան թռչնիկ», oրագիր հնգետասանօրեայ, ապա՝ տասնօրեայ հասարակական հանդէս։ Հրատարակուած է 1863-1866 թուականներուն, Կոստանդնուպոլիս։ Խմբագիր-տնօրէն՝ Գրիգոր Վ. Ալէաթճեան։

Լուսաբանած է արեւմտահայութեան առօրեան, մշակութային եւ ներազգային կեանքը, հայ մամուլի վիճակը, դպրոցական եւ դաստիարակութեան խնդիրները։ Պաշտպանած է յառաջադիմական պարբերականներու դիրքորոշումը յետ-սահմանադրական պայքարի ընթացքին։ Բացայայտած է հոգեւոր դասի ստուերոտ կողմերը, տպագրած՝ արեւմտահայութեան ընկերային, տնտեսական թշուառ վիճակը ներկայացնող նիւթեր։

Ազգային վերածնութեան կարեւոր պայման նկատած է գիտութեան զարգացումը, «Բնագիտական հարցմանց պատասխաններ», «Գիտութեան եւ մտքի մշակութեան օգտակարութիւնը» յօդուածներով շեշտած է երկրագործութեան զարգացման կարեւորութիւնը։

Անդրադարձած է նաեւ կենցաղային հարցերու։ Թարգմանաբար զետեղած է արեւմտաեւրոպական գրողներու ստեղծագործութիւններ։ Նիւթերու որոշ մասը հայատառ թուրքերէն են[1][2]։

Ծանոթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ՊԵԳԱՍԵԱՆ ԹՌՉՆԻԿ»։ արտագրուած է՝ 2023-01-16 
  2. «Համահայկական թվանշային գրադարան» 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։