Պարտէզ (թերթ)

Պարտէզ
Տեսակ շաբաթաթերթ
Լեզու Արեւմտահայերէն
Խմբագիր Միհրան Ասքանազ
Հիմնադրուած է 1903
Հրատարակման վայր Աղեքսանտրիա

«Պարտեզ», գրական-մանկավարժական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1903-1904 թուականներուն, Աղեքսանտրիա։ Խմբագիր-տնօրէն՝ Միհրան Ասքանազ։

Ծանօթացուցած է մանկավարժութեան յառաջադիմական մեթոտները, «Մանկապարտէզ եւ ծաղկոց» խորագիրի տակ տպագրած է նիւթեր՝ նուիրուած հայերէն բանաւոր ու գրաւոր խօսքի ուսուցման բարելաւման համար, սորվեցուցած է խաղեր ու վարժութիւններ։

«Պարտէզ»-ի գրական բաժինին մէջ զետեղուած են հայ եւ օտար հեղինակներու ստեղծագործութիւններ։ Արձագանքած է միջազգային քաղաքական իրադարձութիւններուն, համակրանք արտայայտած է Ռուսաստանի յեղափոխական շարժումներու նկատմամբ, տպագրած է հաղորդագրութիւն ՌՍԴԲԿ-ի (Ռուսաստանի Սոցիալ Դեմոկրատական Բանուորական Կուսակցութիւն) 2-րդ համագումարի վերաբերեալ։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Հայ գրատպութիւն եւ գրքարվեստ» հանրագիտարան, Երեւան, 2015, էջ 891։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։