Jump to content

Պահակ (թերթ, Պուքրէշ)

Պահակ
Տեսակ շաբաթաթերթ
Խմբագիր Յարութիւն Պապոյեան
Հիմնադրուած է 1935
Երկիր Ռումանիա
Հրատարակման վայր Պուքրէշ

«Պահակ», գրական, հասարակական, քաղաքական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1935-1941, 1944-1946 թուականներուն, Պուքրէշ։ ՀՕԿ-ի կեդրոնական վարչութեան, իսկ 1945 թուականէն՝ «Հայաստանեան Ճակատ» ռումանահայ կազմակերպութեան ԿԿ-ի հրատարակութիւն։

Խմբագիր՝ Յարութիւն Պապոյեան։ Գովերգած է Խորհրդային Հայաստանի տնտեսութեան, գիտութեան ու մշակոյթի նուաճումները, նշած՝ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան եւ Հայաստանի խորհրդականացման տարեդարձները։

Լուսաբանած է սփիւռքահայ կեանքը, Ռումանիոյ եւ միջազգային քաղաքական կացութիւնը, հանդէս եկած է ֆաշիզմի դէմ։

Հրատարակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հրատարակած է Հայաստան այցելած անձերու տպաւորութիւնները, խրախուսած՝ ներգաղթը։

Գրական բաժինին մէջ տպագրած է հայ խորհրդային եւ սփիւռքի հեղինակներու գործեր, նմուշներ ռումանական գրականութենէն։

«Պահակ»-ին յաջորդած է «Հայաստանեան Ճակատ» թերթը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։