Jump to content

Պահակ (թերթ, Պոսթըն)

Պահակ
Տեսակ եռօրեայ թերթ, ապա՝ շաբաթաթերթ
Խմբագիր Հրաչ Երուանդ, Արշակ Տէր Մարկոսեան, Վահան Քիւրքճեան, Երուանդ Մեսիաեան
Հիմնադրուած է 1911
Հրատարակման վայր Պոսթըն

«Պահակ», խորհրդային շրջանի գրական, քաղաքական եռօրեայ թերթ (1911-1915 թուականներուն՝ շաբաթաթերթ)։ Հանդիսացած է Վերակազմեալ հնչակեան կուսակցութեան Ամերիկայի շրջանակի պաշտօնաթերթը։

Լույս է տեսել 1911-1921 թուականներուն՝ Պոսթըն (1911, 1916-1921), Փրովիտենս (1912-1915)։ Խմբագիրներ՝ Հրաչ Երուանդ, Արշակ Տէր Մարկոսեան, Վահան Քիւրքճեան, Երուանդ Մեսիաեան։

Անդրադարձած է Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, քննադատած՝ երիտթուրքերու բանիսլամիզմը, անոնց հայահալած գործելակերպը։

«Պահակ» օրաթերթը ողջունած է Հայաստանի գրաւումը՝ կարմիր բանակի կողմէն, եւ երկրի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումը։

1921 թուականին միացած է «Ազգ»-ին եւ շարունակուած՝ իբրեւ «Ազգ-Պահակ», որ 1922 թուականին դարձած է «Պայքար»։

1921 թուականին լոյս ընծայած է բացառիկ (տարեգիրք) հրատարակութիւն՝ գրական-բանասիրական, պատմագիտական բովանդակութեամբ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։