Պազել, Զուիցերիոյ հիւսիսարեւմտեան քաղաք մըն է, որ կը գտնուի Ռայն գետին վրայ։ Պազելը Զուիցերիոյ երրորդ ամենաշատ բնակուող քաղաքն է Զիւրիխէն եւ Ժընեւէն ետք, բնակիչութիւնը՝ 177 827 մարդ (30 Սեպտեմբեր2021)[3]:
Ան կը գտնուի Զուիցերիոյ, Ֆրանսիոյ, եւ Գերմանիոյ սահմաններուն միացման կէտին վրայ։ Ըստ 2018-ի վիճակագրութեան[4], 2016-ին Զուիցերիոյ Պազել նահանգը երրորդ ամենամեծ նահանգն էր մօտ 541,000[5] բնակչութեամբ 74 քաղաքապետութիւններով:
Պազել քաղաքի պաշտօնական լեզուն գերմաներէնն է, սակայն խօսակցական լեզուն Պազելի գերմաներէն գաւառաբարբառն է: