Jump to content

Ուրախ Հանգստարան

Ուրախ հանգստարանը (վիտէօ)

Ուրախ հանգստարան (ռում.՝ Cimitirul Vesel), հանգստարան մը Ռումանիոյ Մարամուրեշ (ռում.՝ Maramureș) կոմսութեան Սէփընցա գիւղին մէջ։ Յայտնի է իր վառ ու գոյնզգոյն շիրմաքարերով, որոնք զարդարուած են նայիֆ արուեստի ոճին բնորոշ ինքնատիպ նկարներով ու բանաստեղծական տողերով, ուր ներկայացուած են թաղուած մարդիկը կամ անոնց կեանքէն դրուագներ։ Հանգստարանը դարձած է թանգարան մը՝ բաց երկինքին տակ եւ զբօսաշրջութեան ազգային կեդրոն։

Սա հանգստարանին առանձնայատկութիւնն այն է, որ անոր ընդհանուր տեսքը կը հակասէ Եւրոպայի մէջ մահուան՝ որպէս սգալի ու մռայլ երեւոյթի ըմբռնման։

2009 թուականէն տեղի կ'ունենայ «Երկար Ճամբայ դէպի Ուրախ Հանգստարան» փառատօնը[1]:

Ոչ սովորական հանգստարանի հիմնադրումը կը կապուի Սթան Եոան Փէթրաշի (ռում.՝ Stan Ioan Pătraş) անուան հետ։ Ան տեղաբնակ մըն էր, որ կը զբաղէր փայտի վրայ փորագրութեամբ։ 1960-ական թուականներուն հանգստարանին մէջ յայտնուեցան 800-է աւելի կաղնեայ խաչեր, որ պատրաստուած էին Սթան Եոան Փէթրաշի կողմէ։ Անոր շիրմաքարին գրուած է՝

Իմ կեանքի ողջ ընթացքին
Ես ոչ մեկուն վատութիւն ըրած եմ ...

ռում.՝ Cîte zile am trăit
Rău la nime n-am dorit

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Satele Unite ale … Maramureșului, 16 august 2016, Carmen Anghel, Evenimentul zilei, accesat la 18 august 2016