Ուոլֆիա (պտուղ)
Արտաքին տեսք
Ուոլֆիա, տեսակի բոյսերը կը պատկանին ոսպերու ընտանիքին եւ արմատներ չունին:
Անոնք ընդհանրապէս կը ծփան Աւստրալիոյ, Ափրիկէի եւ Ասիոյ լճակներուն եւ հանդարտ գետերուն մակերեսին:
Անոնք աշխարհի ամէնէն փոքր ծաղիկներով բոյսերն են եւ կ'արտադրեն աշխարհի ամէնէն փոքրիկ ու թեթեւ պտուղը (0,30 մմ երկարութիւն եւ մօտաւորապէս 70 մայքրոկրամ ծանրութիւն):
Անոր համը կը նմանի ջրկոտեմի համին:
Ան փրոթէինով հարուստ է եւ մեծ քանակով կը մշակուի արդէն Ասիոյ մէջ[1]:
Անիկա շատ մեծ արագութեամբ կ'աճի[2]: