Jump to content

Ուխտասարի ժայռապատկերներ

Ուխտասարի ժայռապատկերներ (նաեւ՝ Ուղտասարի ժայռապատկերներ, հազարաւոր ժայռապատկերնեէն կազմուած նախնադարեան հնավայր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի եւ Արցախի Հանրապետութեան, Շահումեանի շրջանի (քարվաճառեան հատուածին) սահմանագօտիին մէջ։

Աշխարհագրօրէն անիկա կը տարածուի Սիւնիքի բարձրաւանդակին կեդրոնական հատուածին մէջ գտնուող Ուխտասար եւ Ծղուկ լեռներուն շրջակայքը։

Անուան ծագումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հնավայրին անունը յառաջացած է տարածքին մէջ գտնուող լերան անունէն, որուն ծագման վերաբերեալ երկու վարկած կայ։ Անոնցմէ մէկուն համաձայն՝ մարդիկ լեռը նմանեցուցած են ուղտի, որմէ ալ յառաջացած է լերան «Ուղտասար» անունը։ Միւսները կը պնդեն, որ անիկա ուղտի հետ որեւէ առնչութիւն չունի եւ կը պնդեն, որ անցեալին այդ տարածքը ուխտատեղի մը եղած է, որմէ ալ յառաջացած է լերան Ուխտասար անունը։

Ուխտասար նախաքրիստոնէական հնավայրը այսօր Տաթեւին հաւասար զբօսաշրջիկ կ'այցելէ:

Ուխտասարի ժայռապատկերներուն  խորհրդանշանները կը բացայայտեն, որ անոնք հազարաւոր տարիներու ընթացքին եղափոխուելով ու զարգանալով` հասած են մինչեւ մեր օրերը: Թէեւ դարերու ընթացքին անոնց իմաստն ու բովանդակութիւնը փոփոխուած են (երբեմն նոյնիսկ` մոռցուած), սակայն ձեւութային առումով անոնք մնացած են գրեթէ նոյնը: Ու ամենակարեւորը, երբեմն ընդհատուած ըլլալով հանդերձ, անոնց շղթան չէ կտրուած: Այս մէկը կ'ապացուցէ, որ նախնադարէն ի վեր  մշակութային նոյն յատկանիշները կրող ժողովուրդ մը կը շարունակէ գոյատեւել նոյն տարածքին` Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ: Այսինքն հայ ժողովուրդը բնի՛կ է, ոչ թէ` եկուոր[1][2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]