Ուխտանէս
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Ուխտանէս (935 - մօտ 1000 թթ.), 10-րդ դարու հայ պատմիչ, եկեղեցական գործիչ, Սեբաստիոյ եպիսկոպոս։
Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ապրած է Ժ. դարու երկրորդ կիսուն եւ մեռած է ԺԱ. դարու սկիզբը։ Եղած է եկեղեցական։ Ըստ Օրբելեանի՝ եղած է Սեբաստիոյ եպիսկոպոսը, իսկ ըստ Կիրակոս պատմիչի, Ուրհայի եպիսկոպոսը։ Սեբաստիոյ եւ Ուռհայի չափ ծանօթ է Հայաստանին եւ Աղուանից երկրին, վազն զի երկարատեւ ճամբորդութիւններ ունեցած է։
Գործերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Գրած է Հայոց Պատմութիւն մը Անանիա Նարեկացիի խնդրանքով։ Այդ գործը կը բաժնուի երեք հատուածներու։
Ա.- Համառօտ Պատմութիւն ժամանակագրական։ Սկիզբէն մինչեւ Տրդատ թագաւոր։ Այս մասը գրեթէ անարժէք գործ մըն է վասն զի օգտուած է Շիրակացիի ժամանակագրութենէն, Խորենացիէն եւ այլ հեղինակներէն, որոնց գործերը հասած են մեզի եւ որոնց մատակարարած տեղեկութեանց վրայ ինք ոչինչ կ'աւելցնէ։
Բ.-Հայ եւ Վրաց եկեղեցիներու բաժանման պատմութիւնը։ Այս մասը շատ հետաքրքրական է եւ արժէքաւոր, որովհետեւ օգտուած է այդ հրատապ խնդրի ղեկավարներուն թղթակցութիւններէն եւ այլ վաւերագիրներէն։ Այս բաժնի մեզի ծանօթ աղբիւրներն են «Գիրք Թղթոց» եւ «Աղուանից Պատմութիւն»։
Գ.- Ծաղ ազգի մասին։ Դժբախտաբար այս երրորդ մասը որ Ուխտանէսի գործին ամենէն մնայուն եւ արժէքաւոր բաժինը ըլլալու է՝ կորսուած է։ Ծաղերը՝ հաւանաբար հայ աղանդաւորները կամ հոռոմները եղած ըլլալու են։ Անոնք առաւելապէս կ'ապրէին Արեւմտեան հայաստանի մէջ։
Արժէքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ուխտանէսի գործը ունեցած է միայն մէկ տպագրութիւն 1871-ին, Վաղարշապատ։ իբրեւ պատմական երկ արժէքաւոր է ուսումնասիրելու համար հայ եւ վրաց եկեղեցիներու բաժանումը շնորհիւ իր ընդօրինակած վաւերագիրներուն։ Ստեղծագործ հեղինակ մը չէ Ուխտանէս, ոչ իբրեւ պատմիչ ե՛ւ ոչ ալ իբրեւ մատենագիր։ Անիկա համեստ դէմք մըն է։ լեզուն պարզ գրաբարն է։