Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/11-2019
Մարոք (արաբերէն՝ المغرب), Ափրիկէի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող երկիր։ Մակերեւոյթը լեռնային է, ուր կը գերակշռեն միջին բարձրութեան լեռներն ու սարաւանդները։ Հարաւ-արեւմուտքէն դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուի Աթլասի լեռնային համակարգը՝ Բարձր Աթլաս (առաւելագոյն բարձրութիւնը՝ 4165 մ, Թուբքալ լեռ), Միջին Աթլաս, Անդիաթլաս։ Ատլանտեան ափին կան դաշտավայրեր (Գարպ, Ապտա, Սուս), հիւսիս-արեւմուտքէն Մարոքեան Մեսետայի հարթավայրերը եւ սարաւանդները, հիւսիս-արեւելքի մէջ՝ մեծ գոգաւորութիւններով Ալճերա-Մարոքեան Մեսետան (1000–1200 մ.)։ Աթլասէն հարաւ տարածուած սարաւանդները Սահարայի մէջ կը վերածուին քարքարոտ հարթավայրերու։
1952-ին Մարոքի քաղաքներուն մէջ տեղի կ'ունենան հակագաղութային զանգուածային ելոյթներ եւ ընդհարումներ զօրքերուն հետ։ 1953-ի Օգոստոսին ֆրանսացիները գահընկեց կ'ընեն եւ երկրէն կ'արտաքսեն սուլթանը։ Երկրին մէջ կը ծաւալի զինուած դիմադրութիւն մը։ Ֆրանսական իշխանութիւնները Նոյեմբեր 1955-ին ստիպուած կը վերադարձնեն սուլթանը։ 2 Մարտ, 1956-ին Մարոք անկախ կը հռչակուի։ Ապրիլ 1956-ին սպանական գօտիին խնամակալութիւնը կը վերացուի, 29 Հոկտեմբերին։ 1 Յունուար 1957-ին Տանժեր կը մտնէ Մարոքի կազմին մէջ։ Նոյեմբեր 1956-ին Մարոք կը ներառուի ՄԱԿ-ի մէջ։ Անկախութեան նուաճումէն ետք (1957-ին) թագաւոր Մուհամմէտ Ե. (նոյն Սիտի Մուհամմէտ պըն Եուսուֆ) կը հռչակէ երկրին ազգային վերածնունդի, ազգային տնտեսութիւն ստեղծելու եւ օտարերկրեայ դրամատիրական տիրութիւններու տնտեսական եւ քաղաքական կախուածութենէն ազատելու ընթացք մը։ Աւելին⇒