Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/10-2023

Մանտալաները շատ գեղեցիկ, խրթին եւ օրհնեալ արուեստի գործեր են, որոնք առիթ կը ստեղծեն ստեղծագործելու եւ մարդոց երեւակայութիւնը զարգացնելու:

Մանտալաները սկիզբ առած են Հնդկաստանէն: Սկզբնական շրջանին անոնք կը ծառայէին մարդոց միտքը զբաղեցնելու կեանքի փոքրիկ հարցերով:

Մանտալա բառը եկած է սանսկրիտ լեզուէն` Հնդկաստանի օրհնեալ լեզուէն, որ կը նշանակէ`«Անիւ» կամ «շրջանակ», «գունդ», «միջավայր» եւ «համայնք»: Մէկ բառ` չորս տարբեր գաղափարներու համար: Մէկ խօսքով՝ տիեզերքը, որ կը խորհրդանշէ ամբողջականութիւնն ու միասնութիւնը:

Ներկայիս մանտալաները անպայմանօրէն կրօնի մը հետ չեն կապուած: Անոնք կ'օգտագործուին կեանքի տարբեր իրավիճակներու եւ նպատակներու համար: Հոգեբանութեան եւ տարբեր հիւանդութիւններու համար նախատեսուած մանտալաներ գոյութիւն ունին: Անոնք կ'օգնեն անդրադառնալու անցեալին ու պատկերացնելու ապագան, դրական կերպով ընդունելու իրադարձութիւնները եւ լսելու մարդու ներաշխարհին մեղեդին․․․ Աւելին