Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/09-2023
Սթոքհոլմեան Համախտանիշը գերութեան եւ չարաշահումներու հոգեբանական արձագանգի հասկացողութիւնն է:
Սթոքհոլմեան համախտանիշէ տառապող անձը դրական կապեր կը ստեղծէ զինք պատանդողներուն կամ բռնարարներուն հետ:
Փորձագէտները լիովին չեն հասկնար հակազդեցութեան այս ձեւաւորումը, բայց կը կարծեն, որ ան կրնայ ծառայել իբրեւ համակերպման մեքենականութիւն՝ այն մարդոց համար, որոնք հոգեխոցի մը (trauma) դէմ յանդիման են:
Անձի մը մօտ Սթոքհոլմեան համախտանիշ կրնայ զարգանալ, երբ իր ֆիզիքական կամ հոգեկան առողջութեան զգալի սպառնալիքներ կ'ունենայ:
Առեւանգուած անձը կրնայ դրական կապեր հաստատել պատանդողներու հետ, եթէ անոնց հետ յաճախ երես-երեսի գայ:
Եթէ անձը ենթարկուած է ֆիզիքական բռնութեան զինք գերեվարողին կողմէ, ան կրնայ երախտագիտութիւն զգալ, երբ բռնութիւնը իրեն նկատմամբ կը գործադրուի մարդկայնօրէն կամ ֆիզիքապէս վնաս չի հասցներ իրեն․․․ Աւելին⇒