Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/08-2022
Ծաղիկ, երբեմն ծանօթ իբրեւ ծաղկում կամ վերարտադրում. ծաղկող բոյսերու փոշոտման, բեղմնաւորման, սաղմի զարգացման եւ պտուղի գոյացման գործառնութիւն։ Կը յառաջանայ տերեւներէ զուրկ ցօղունին՝ ծաղկակոթին վրայ։
Ծաղիկները կը զարգանան ծաղկաբողբոջներէն։ Սովորաբար ծաղիկը ցօղունին կը միանայ ծաղկակոթով, որուն լայնցած մասը կը կոչուի ծաղկակալ։ Սակայն որոշ բոյսերու ծաղիկներ ծաղկակոթ չունին եւ անմիջապէս կը միանան ցօղունին (նստադիր ծաղիկներ)։
Ծաղիկը կազմուած է ծաղկաբաժակէն, պսակէն, առէջներէն ու վարսանդներէն։ Ծաղիկին կեդրոնը կը գտնուի վարսանդը։ Վարսանդը կազմուած է սպիէն, սռնակէն եւ սերմնարանէն։ Սերմնարանին ներսը, կը գտնուին քանի մը սերմնաբողբոջներ, որոնցմէ կը զարգանան սերմերը, իսկ ամբողջ սերմնարանէն՝ պտուղը։ Վարսանդի սպին կրնայ իր վրայ պահել փոշեհատիկը։
Վարսանդը շրջապատուած է առէջներով։ Իւրաքանչիւր առէջ կազմուած է առէջաթելէն եւ փոշանօթէն։ Փոշանօթին մէջ կը զարգանան փոշեհատիկներ։
Արտաքինէն ծաղիկը պատուած է բաժակաթերթերով, որոնք կանաչ գոյն ունին եւ կը կազմեն ծաղիկին բաժակը։ Բաժակաթերթիկները պաշտպանական պաշտօն կը կատարեն յատկապէս մինչեւ ծաղկիլը, յաճախ ալ կը մասնակցին լուսաբաղարկումին․․․ Աւելին⇒