Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/08-2021

Նաւասարդ, Հայկական տոմարին առաջին ամիսը: Կազմուած է «նաւ» (նոր) եւ «սարդ» (տարի) բառերէն եւ կը նշանակէ «Նոր Տարի»: Նաւասարդ ամիսը ունեցած է 30 օր, սկսած է 11 Օգոստոսին եւ աւարտած՝ 9 Սեպտեմբերին: Հին հայերուն համար 1 Նաւասարդը (11 Օգոստոսը) եղած է ժողովրդական խրախճանքներու, փառատօններու եւ տօնակատարութիւններու տօն: Վանատուր-Ամանոր նաւասարդեան աստուածութիւնը հայկական դիցաբանութեան մէջ կը համարուէր բերքին պաշտպանը, անօթիները կերակրողը, այգեգործութեան եւ պտղաբերութեան հովանաւորը: Այս աստուածութեան արձաններուն մնացորդները կը գտնուին Բագաւանի մէջ, որ հեթանոսներուն սրբավայրը կը համարուի:

Տարուան գաղափարը առաջին անգամ ծագած է Հին Արեւելքի մշակութային կենդրոններէն մէկուն՝ Եգիպտոսի մէջ: Անիկա կապուած է Նեղոս գետին վարարման հետ: Անով պայմանաւորուած էին եգիպտացիներուն կեանքն ու երկրագործական աշխատանքները: Նեղոսի վարարման սկիզբը կը համընկնէր Սիրիուս աստղին երեւնալուն հետ: Այդ պատճառով ալ աստղին եւ Նեղոսին վարարման միջեւ ինկած ժամանակաշրջանը կը կոչէին տարի:

Հակառակ այն իրողութեան, որ «տարի» հասկացողութիւնը ծնած է Հին Եգիպտոսի մէջ, բայց տարբեր ժողովուրդներ տարբեր ամիսներ համարած են տարուան առաջին ամիսը, եւ տարբեր եղած է անոնց նոր տարին․․․ Աւելին