Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/07-2022

Ս. Միւռոն, սրբազան ու սրբալոյս նիւթ մը, որ յատուկ օրհնութեամբ կը պատրաստուի կաթողիկոսներու ձեռքով: Միւռոնի գլխաւոր նիւթն է ձէթը, որուն կը խառնուի չափաւոր քանակութեամբ բալասան եւ քառասուն տեսակի հոտաւէտ խունկերու, փայտերու եւ բոյրերու խառնուրդով նիւթ մը: Անուշաբոյր իւղերու այս բաղադրութիւնը կը գործածուի Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ մկրտութեան եւ օծման արարողութիւններու ընթացքին։

Իւղով օծուելու սովորութիւնը կանուխ դարերէն ի վեր կիրարկած են հին ցեղախումբեր: Հին Ուխտի ժողովուրդին մօտ ատիկա արդէն տարածուած սովորութիւն էր, երբ անոնք իւղով կ'օծէին յատկապէս այն անձերը, որոնք կոչուած էին դառնալու առաջնորդ, քահանայապետական կամ թագաւորական իշխանութեամբ հովուելու համար Աստուծոյ ժողովուրդը: Աստուծոյ կողմէ ընտրեալ մարդիկ կ'ըլլային անոնք եւ նշանակուած յատուկ անձի մը կողմէ, նուիրեալներուն գլխուն կը թափէր իւղը իբրեւ նշան՝ Աստուածատուր պաշտօնին ստացման:

Միայն մարդոց պարագային չէր սակայն օծումը, այլ իւղով կ'օծէին նաեւ սպասներ, կրօնական կամ ազգային նշանակութիւն ունեցող առարկաներ: Այսպէս, Հին Կտակարանին մէջ կը կարդանք, որ Յակոբ նահապետ օծած է այն քարը, որուն վրայ իր գլուխը դրած էր։ Դարձեալ իւղով օծուած է Մովսէսի հաստատուած վկայութեան Խորանը, ողջակէզներու սեղանները իրենց բոլոր սպասներով:

Նախնական շրջանին միայն ձիթենիի իւղը օգտագործուած է, սրբագործելու համար ընտրեալ անձերն ու սրբազան անօթները ․․․ Աւելին