Մովսէս Մարգարէ
Մովսէս Մարգարէ եբր.՝ מֹשֶׁה | |
---|---|
| |
Ծնած է | ոչ վաղ քան ՔԱ1689 եւ ոչ ուշ քան ՔԱ1391 |
Ծննդավայր |
Land of Goshen, Հին Եգիպտոս[1] Հելուան |
Մահացած է | ոչ վաղ քան ՔԱ1473 եւ ոչ ուշ քան ՔԱ1271 |
Մահուան վայր | Նեպօ լեռ, Մովաբ[2] |
Ազգութիւն | Israelites?[3][4][5] |
Կրօնք | Մովսիսականութիւն |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Tablets of Stone? եւ Ելք? |
Մասնագիտութիւն | զորավար, կրոնական առաջնորդ, կանոնագիր, սքանչելագործ, Հովիւ, կառավարիչ |
Վարած պաշտօններ | biblical judge? եւ մարգարէ[6] |
Ամուսին | Սեֆորա եւ Թարպիս |
Ծնողներ | հայր՝ Ամրան, մայր՝ Եղիսաբէթ |
Երեխաներ | Կերշոմ[7] եւ Եղիազար[8] |
Մովսէս (նաեւ՝ Մովսէս մարգարէ (եբր.՝ משֶׁה, Մոշէ, «ջուրէն վերցուած (փրկուած)»; (Ք.Ա. 13-րդ դար), ըստ Հին Կտակարանին Հնգամատեանի գիրքերուն՝ հրէական մարգարէ եւ օրէնսդիր, յուդայականութեան հիմնադիր, հրէական ցեղերը մէկ ազգի մէջ համախմբած առաջնորդ։ Իսրայէլի ցեղերը Եգիպտոսէն դուրս բերողը (ուր անոնք ստրկութեան մէջ կ'ապրէին)։
Կեանքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հրեաներուն թիւը բազմացած էր Եգիպտոսի մէջ. եգիպտացիներու փարաւոն Ռամզես, վախնալով անոնց հզօրացումէն, կը հրամայէ սպաննել եւ գետը նետել բոլոր նորածինները։ Մովսէսին մայրը զամբիւղ մը կը պատրաստէ, Մովսէսը կը դնէ անոր մէջ եւ կը նետէ գետը։ Զամբիւղը կը գտնէ փարաւոնին դուստրը, որ մանուկը կը կոչէ Մովսէս (ջուրէն փրկուած)։
Փարաւոնին դուստրը Մովսէսը կը յանձնէ մօրը, իբրեւ ստնտուի, առանց գիտնալու, որ վերջինս Մովսէսին հարազատ մայրն էր։ Մովսէս կը մեծնայ եգիպտական արքունիքին մէջ՝ կարծելով, թէ ինք հրեայ է (Ելից 1:15-22, 2:1-11)։
Ընտանիքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մովսէս օր մը կը տեսնէ, թէ ինչպէս եգիպտացի զինուոր մը կը ծեծէ հրեայ ստրուկներէն մէկը։ Ան կը սպաննէ զինուորը, գաղտնի կը թաղէ զայն եւ գիշերով կը փախչի Եգիպտոսէն։ Ան կ'երթայ Մաթիամի երկիրը, կը բնակի քուրմ Հոթորի տան մէջ, կ'ամուսնանայ անոր եօթ աղջիկներէն Սեֆորային հետ, կ'ունենայ երկու որդի՝ Գիրսամն ու Եղիազարը։ (Ելից 2:11-25)։
Յայտնութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մաթիամի երկիրին մէջ Մովսէս իր աներոջ՝ Հոթորին հոտը կ'արածեցնէ։ Օր մը, ան անապատին մէջ հոտը հեռու կը քշէ ու կը հասնի Աստուծոյ լերան՝ Քորեբի (Սինա) մօտ։ Տիրոջ հրեշտակը կրակի բոցով վառող մորենիի թուփին մէջէն կ'երեւի։ Մովսէս կը տեսնէ, որ մորենիի թուփը կ'այրէր, բայց մոխիրի չէր վերածուեր։ Մովսէս կ'ըսէ. «Հիմա երթամ ու այս մեծ տեսարանը տեսնեմ, թէ ինչո՛ւ մորենիին թուփը չ'այրիր»։ Տէրը մորենիի թուփին մէջէն կը խօսի Մովսէսի հետ ու կ'ըսէ. «Մովսէ՛ս, Մովսէ՛ս»։ Մովսէս կը պատասխանէ. «Հոս եմ»։ Եւ ան կ'ըսէ. «Մի՛ մօտենար։ Ոտքիդ կօշիկները հանէ՛, քանի որ այն հողը, որուն վրայ կանգնած ես, սուրբ է...»։ Ապա ըսաւ. «Ես եմ քու հայր Աստուածդ, Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը, Հակոբի Աստուածը»։ Մովսէս կը ծածկէ իր դէմքը, որովհետեւ կը վախնար Աստուծոյ նայելէն։ Տէրը մորենիի թուփին մէջէն կ'ըսէ. «Ես տեսայ իմ ժողովուրդիս տառապանքը Եգիպտոսի մէջ ու վերակացուներու պատճառով անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի։ Ես գիտեմ անոր վիշտերը եւ կու գամ զինք փրկելու եգիպտացիներուն ձեռքէն եւ դուրս բերելու զինք այդ երկիրէն ու հաստատելու աւելի լաւ ու աւելի ընդարձակ երկիրի մը մէջ, ուր կաթ ու մեղր կը հոսի... Ահա Իսրայէլի որդիներուն աղաղակը Ինծի հասաւ, ու կը տեսնեմ այն, ինչ որ կ'ընեն եգիպտացիները։ Ուրեմն գնա՛, Ես քեզ փարաւոնին քով կ'ուղարկեմ» (Ելից 3:1-13)։ Մովսէս կը վախնայ ու կը պատասխանէ. «Ով Տէր իմ, ես դժուարութեամբ կը խօսիմ եւ ծանրալեզու ու ծանրախօս եմ ... ուղարկէ ուրիշ մը. ով, որ Դուն կ'ուզես» (Ելից4:10-15)։
Տէրը, ցոյց տալով Մովսէսը անոր Ահարոն եղբօրը կ'ըսէ. «Ղեւտացի Ահարոնը քու եղբայրդ չէ՞։ Գիտեմ, որ ան ճարտարախօս է ... Ես կ'ըլլամ քու շուրթերուդ եւ անոր շուրթերուն հետ ու ձեզի կը սովորեցնեմ, թէ ինչ պէտք է ընէք, եւ Ահարոն քու անունովդ ժողովուրդին հետ կը խօսի»։
Մովսէս եւ Աստուծոյ Օրէնքները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աստուած Սինա լերան վրայ Մովսէսի կը հաղորդէ է իր օրէնքները՝ Իր եւ Իսրայէլի միջեւ ուխտ-դաշինք մը հաստատելով (այդ Ուխտին մէկ մասը Տասնաբանեայ պատուիրաններն են)։ Քրիստոնէութեան մէջ ան կը համարուի Հին Ուխտի մեծագոյն մարգարէն։ Հրէական եւ քրիստոնեայ աւանդութիւնները իրեն կը վերագրեն Աստուածաշունչի առաջին հինգ գիրքերու՝ Հնգամատեանի կազմումը (այդ պատճառով անոնք կը կոչուին նաեւ Մովսէսի գիրքեր)։ Հին Կտակարանի Երկրորդ Օրէնքի գիրքին մէջ Մովսէս կը բնութագրուի հետեւեալ ձեւով. «Իսրայէլի մէջ այլեւս Մովսէսի նման մարգարէ չելաւ։ Ան մարդ մըն էր, որուն Տէրը երես առ երես ճանչցաւ։ Եգիպտացիներու երկիրին մէջ փարաւոնին, անոր պաշտօնեաներուն հանդէպ կատարուող Տիրոջ առաքած բոլոր նշաններն ու զարմանահրաշ գործերը, անոր ամբողջ երկիրին հանդէպ եղած մեծամեծ նշանները Մովսէս իսրայէլացիներուն առջեւ կը կատարէր ամուր ձեռքով եւ հզօր բազուկով»։
Պենտէկոստէի օրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պենտէկոստէի օրը տեղի կ'ունենայ Սուրբ Հոգիին հրեղէն լեզուի կերպարով էջքը առաքեալներուն վրայ։ Պենտէկոստէ յունարէն բառը յինունք կը նշանակէ, այսինքն՝ «Յիսուներորդ» (օր)։ Հրեաներուն մօտ նուիրական տօն մըն էր։ Հրեաները երբ Եգիպտոսէն կ'ելլեն, ճիշդ 50 օր ետք Աստուած Սինա լերան վրայ, Մովսէս Մարգարէին ձեռքով, ժողովուրդին կը փոխանցէ Տասնաբանեայ պատուիրանները։ Առ այդ, հրեայ ժողովուրդը իբրեւ երախտագիտութիւն կը հաստատէ «Երախայրից Հնձոց» տօնը, որ կը նշանակէ, թէ Աստուծոյ պէտք է նուիրել տարուան հունձքի առաջին բերքը։ Ուրեմն, Յիսուսի Յարութենէն ճիշդ յիսուն օր ետք, երբ տեղի կ'ունենար Հոգեգալուստը, նոյն ատեն, հրեաները կը տօնէին Պենտէկոստէն[9]։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ http://www.biblereferenceguide.com/keywords/moses.html
- ↑ http://www.tandfonline.com/doi/pdf/10.1080/02572117.2009.10587324
- ↑ (not translated to grc) Ἰουδαϊκὴ ἀρχαιολογία, Antiquitates Judaicae
- ↑ Հին Կտակարան
- ↑ The Holy Bible, Santa Biblia, Biblia, Bíblia Sagrada, Света Библија, Bibbia, La Bible, la Biblio, Biblija, Αγία Γραφή, Βίβλος
- ↑ http://www.bbc.co.uk/ahistoryoftheworld/about/transcripts/episode43/
- ↑ 22 // שְׁמוֹת
- ↑ 4 // שְׁמוֹת
- ↑ Պենտէկոստէի օրը