Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/06-2023

Վիեննական սրճարան (գերմաներէն՝ Wiener Kaffeehaus), հանրային սնունդի բնորոշ վայր Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի, որ մինչեւ այսօր մեծ դերակատարութիւն ունի մայրաքաղաքի մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն մէջ: Աւստրիական կայսրութեան ժամանակաշրջանի գրող Փիթըր Ալթընպըրկը վիեննական սրճարանները նկարագրած է իբրեւ «ոչ տան, բայց եւ ոչ դուրսի»:

Հոկտեմբեր 2011-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Վիեննայի սրճային աւանդութիւնները ներառած է ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ:

Արխիւային փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ Վիեննայի բնակիչները սկսած են սուրճ ըմպել 1660-ականներէն, սակայն Վիեննայի առաջին սրճարանները բացուած են 1680-ականներուն: Փաստաթղթեր կան, որոնք կը վկայեն, որ Վիեննայի առաջին սրճարանները բացուած են հայ առեւտրականներու կողմէ: Առաջին սրճարանը 17 Յունուար 1685-ին գործարկած է Եոհանէս Տիոտափօն (իրական անունը՝ Յովհաննէս Աստուածատուր) Իսահակ տէ Լուքան (իրական անունը՝ Սահակ Ղուկասեան): Ան եղած է նաեւ «Երկնագոյն տափաշիշի տակ» այլ վիեննական սրճարանի մը սեփականատէրը, որ բացուած է 1703-ին․․․ Աւելին