Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/04-2024
24 Ապրիլ կամ հին տոմարով՝ 11 Ապրիլ, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր, առաջին անգամ նշուած՝ 11 Ապրիլ (24) 1919-ին, Պոլսոյ մէջ, Հայ եկեղեցական բարձրագոյն իշխանութեան կողմէ եւ իբրեւ այդպիսին՝ պաշտօնապէս հաստատուած 1921-ին։
Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակի օրը 24 Ապրիլին կը նշուի, որովհետեւ 1915-ի ա՛յդ օրը, Պոլսոյ հայ մտաւորականութիւնը Հայտարփաշա երկաթուղային կայարանէն կ'ուղարկեն մահուան ճանապարհ: Այդպիսով կը սկսի Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդին տեղահանման եւ բնաջնջման ծրագիրը, որ կը շարունակուի քանի մը տարի:
1919-ին, երբ 24 Ապրիլը առաջին անգամ կը նշուի իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր, տակաւին կը գործէր հին տոմարը։ Երբ ի գործ կը դրուի նոր տոմարը, 13 օրերու յաւելումէն ետք, 11 Ապրիլը կը վերահաշուարկուի եւ 24 Ապրիլը կը դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման օր․․․ Աւելին⇒