Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/02-2022
Արտաքին տեսք
«Խոսրովի անտառ» պետական արգելոց (նաեւ Խոսրովի անտառ), պետութեան կողմէ պահպանուող տարածք:
Հիմնուած է 1958-ին, Հայաստանի Արարատի մարզին հիւսիս-արեւելեան մասին մէջ, Գեղամայ լեռնավահանին եւ Մերձարաքսեան ծալքաբեկորաւոր լեռնաշղթաներուն միջեւ, 330-338-ականներուն, Խոսրով Բ. Կոտակ թագաւորին կողմէ ստեղծուած անտառին տարածքին մէկ մասին վրայ։
Արգելոցը ունի շուրջ 1700 տարուան պատմութիւն: Անոր ներկայի տարածքը պատմական անցեալին գտնուած է Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգին մէջ:
«Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցը հիմնուած է Խորհրդային Հայաստանի կեդրոնական մասին չոր նոսրանտառային, կիսանապատային բնակավայրերու, բուսական եւ անասնական եզակի համարուող համակեցութիւններու պահպանութեան նպատակով:
Արգելոցը կը տարածուի դէպի հարաւ-արեւելք․․․ Աւելին⇒