Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/10-2022

  • Ծովիկ Արնելեանի նախաձեռնած «Արնելի արթ կալըրի»-ն վերջերս կազմակերպած է գեղանկարիչ Սարգիս Սիսլեանի անհատական ցուցահանդէսը` գործակցաբար «Զիքօ հաուզ»-ի, համանուն տան մէջ:
  • Ֆրանսայի մէջ սկսած է ընդհանուր գործադուլ մը, որուն կը մասնակցին շարք մը ոլորտներու աշխատողներ, պետական պաշտօնեաներ, երիտասարդական կազմակերպութիւններ եւ ուսանողներ:
  • Ալպանիոյ մէջ շարունակուող Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Սուրէն Գրիգորեան Եւ Միլենա Խաչատրեան հանդիսացած են Եւրոպայի Ախոյեան։
  • Հայաստանի Պռօշեան գիւղին մէջ, 9 Հոկտեմբերին, բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է հայ նշանաւոր գրող, արձակագիր, թարգմանիչ, հրապարակախօս, գրականագէտ Զապէլ Եսայեանի արձանին։