Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/10-2020

  • 2020-ի Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրը ընտրուած է Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը, ի տես անոր պատերազմական տարածքներու մէջ սովի դէմ պայքարելու, եւ այդ տարածքներու պայմաններու բարելաւման եւ խաղաղութեան հաստատումին ի նպաստ տածած ջանքերուն:
  • Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Փիւնիկ Երեւանի միջնապահ Արազ Օզպիլիսի մարզաշապիկը աճուրդով ծախուած է 1025 ամերիկեան տոլարի: «Artsakh Strong» գրութեամբ այս մարզաշապիկին վաճառքը, որ տեւած է քանի մը օր, նուիրուած էր Արցախին։
  • «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով կեանքէն հեռացած է Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Յարութիւն Թոփիկեան: