Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/08-2020

  • 28 Օգոստոս 2020, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով բժիշկ Հրայր Յովակիմեանին շնորհուած է Ազգային հերոսի բարձրագոյն կոչում` բազմաթիւ մարդկային կեանքեր փրկելուն եւ տարած երկարամեայ անձնուրաց աշխատանքին համար։
  • 27 Օգոստոս 2020, ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը մասնաճիւղ մը հաստատած է Մոսկուայի մէջ, 26 Օգոստոս 2020-ին։ Այս երրորդ միջազգային ԹՈՒՄՕ կեդրոնն է՝ Փարիզէն եւ Պէյրութէն վերջ։
  • 26 Օգոստոս 2020, Միացեալ Նահանգներու Ուիսքանսըն Նահանգի Քինոշա քաղաքին մէջ ոստիկանութեան կողմէ ափրիկեցի-ամերիկացիի մը իր երեխաներուն աչքին առջեւ սպանութենէն ետք ընթացք առած բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին: Նոյնպիսի դէպք մը արձանագրուած է նաեւ Լուիզիանայի մէջ: