Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/03-2023
Արտաքին տեսք
- «Ազատ Օր» թեւակոխեց իր հրատարակութեան 79-րդ տարին։
- Նետերլանտներու խորհրդարանի 13 երեսփոխան երկրի արտաքին գործոց նախարարին կոչ ուղղած են քայլեր ձեռնարկելու Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման եւ դէպի Արցախ անխափան ելեւմուտքի վերականգնման ուղղութեամբ:
- 31 Մայիսին Լոզանի մէջ (Զուիցերիա) տեղի պիտի ունենայ ամառնային ողիմպիական մարզաձեւերու ֆետերասիոններու միջազգային ֆետերասիոնին 47-րդ համաժողովը։
- Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին «Բնածին օրէնք» վերադրութեամբ Ինքնագիր նամակը, որ կը պարզաբանէ Սուրբ Աթոռին առընթեր հոգեւոր հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէն ձեռք բերուած գոյքերու եկեղեցական հասարակական բնոյթը։