Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/01
Արտաքին տեսք
- Դեկտեմբեր 11-ին Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանը ընտրուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց նոր Պատրիարք ստանալով 119 կարելի քուէներէ 102-ը: Յուլիս 2019-ին, Սահակ եպիսկոպոսը, որպէս Պատրիարքական տեղապահ ընտրուած էր Պատրիարք Տէր Մեսրոպ Բ. Մութաֆեանի մահուամբ Նուիրապետական Աթոռի թափուր մնալու պատճառով։
- Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութեան, Հայաստանի բնակչութեան թուաքանակը 1990 թուականէն մինչեւ 2019 թուականի տարեսկիզբը աստիճանաբար նուազած է կազմելով մտահոգիչ երեւոյթ: Եթէ 1992 թուականի տարեսկիզբին Հայաստանի մշտական բնակչութեան թիւը կազմած էր 3,633,300, ապա արդէն 2016 թուականէն սկսեալ թիւը 3 միլիոնի շեմէն վար իջած է արդէն հասնելով 2,998,600 մարդու:
- Այս տարի կը սկսին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի տակ գտնուող պատմական շերտի բացման եւ այն թանգարանային հատուածի վերածելու աշխատանքները հրապարակը դառցնելու շատ աւելի տեսարժան վայր: Հին Երեւան քաղաքը վերականգնելու այլ նոր հնարաւորութիւններ եւս կը քննարկուին մասնագէտներու կողմէ:
- Հայաստանի «Հիւսիս-Հարաւ» շինարարական ծրագրի մեկնարկէն 6 տարի անց ճանապարհի միայն մէկ հատուածը պատրաստ է՝ բաժին թիւ մէկը: Անոր երկարութիւնը 31 քիլոմեթր է: Վերջին 6 տարին աւելի քան 550 քիլոմեթր ճանապարհէն միայն այդ հատուածը շահագործման յանձնուած է: Այս ժամանակահատուածին պէտք է աւարտած ըլլար ամբողջ ճանապարհի շինարարութիւնը:
- Իրանահայ երգիչ Էնտի Մատատեանը իր աստղը պիտի ունենայ Հոլիվուտի «Համբաւի Ճեմուղի»ին վրայ՝ դառնալով առաջին իրանցի արուեստագէտը, որ կ՛արժանանայ այդ պատիւին:
- 21 Յունուար 2020-ին Լիբանանի նոր նշանակուած վարչապետ Հասսան Տիապ կազմեց իր կառավարութիւնը: Նոր կառավարութեան կազմը կ՜ընդգրկէ հայազգի Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը որ պիտի ծառայէ որպէս Լիբանանի Երիտասարդութեան ու Մարմնակրթութեան Նախարար: