Jump to content

Ոտքերու երիզակապում

Ոտքերու երիզակապում (չին.՝ 纏足), Ժ. դարու սկիզբէն մինչեւ Ի. դարու սկիզբին Չինաստանի մէջ կիրարկուած սովորութիւն (գլխաւորաբար ազնուական դասակարգին մէջ)։

Աղջիկներու ոտքերու մատները, բացի բութ մատէն, գործուածքի շերտով կ'ամրացուէին ոտնաթաթին եւ կը ստիպէին, որ անոնք քալէին փոքր չափի կօշիկներով: Իբրեւ հետեւանք՝ ոտնաթաթերը զգալիօրէն կը ձեւափոխուէին, կարգ մը պարագաներու՝ անհատը զրկելով հետագային քալելու հնարաւորութենէն։

Ոտնաթաթի չափէն կախեալ կ'ըլլար հարսնցուին հեղինակութիւնը, ընդ որում, բարձր դասակարգի պատկանող կանայք պէտք չէր ինքնուրոյն քալէին։ Այդ «անզօրութիւնը»՝ առանց կողմնակի օգնութեան քալելու անընդունակութիւնը, ըստ գրական վկայութիւններու, կին-ազնուականներու գրաւիչ առանձնայատկութիւններէն մէկը կը համարուէր. առողջ եւ չձեւափոխուած ոտքերը գիւղական աշխատանքի եւ «նուաստ ծագման» հետ կը կապէին։

Մոնկոլական Եուան եւ մանճուրական Սուն Դինաստիայի տիրապետութեան ներքոյ Չինաստանի մէջ փոքր ոտքերը դարձած էին ազգային «քաղաքակրթութեան» խորհրդանիշ[1], քանի որ մոնկոլ եւ մանճուր կանայք ոտքերը չէին երիզակապեր։

Ի. դարու սկիզիբին Կան Եուվէյ, Սու Մանշու եւ այլ հանրային գործիչներ ոտքերու երիզակապումը խստօրէն կը քննադատէին։ Սինհայական յեղափոխութենէն ետք՝ 1911-ին, եւ հանրապետութիւն դառնալէ ետք այս սովորոյթը աստիճանաբար կը վերցուի։

Ի. դարու սկիզբին, չինացիներուն մէջ տակաւին կարելի էր տեսնել տարեց կանայք, որոնք այս տիպի ոտնաթաթեր ունէին։

Չինացի ազնուական կին

Ոտքերու երիզակապման ծագման հետ կապուած է քանի մը առասպել[2]։

Ըստ անոնցմէ մէկուն՝ Սուն Դինաստիա կայսեր պատկանող հարճը կը տառապէր ծուռթաթութեամբ, եւ այդ պատճառով ան կայսրէն կը խնդրէ ոտքերու երիզակապումը դարձնել պարտադիր բոլոր կանանց համար։ Այսպիսով, անոր ոտքերը կը դառնան գեղեցկութեան եւ պերճաշուքութեան տիպար։

Միւս առասպելը կը պատմէ, որ Սիաօ Պաոցզիուան կայսեր (483-501) սիրելի հարճը, որ ունէր նրբագեղ ոտքեր, ոտաբոբիկ կը պարէր մարգարիտներու վրայէն՝ մարգարիտի նկարներով զարդարուած ոսկեայ տախտակամածին վրայ. «անոր ոտքին ամէն հպումէն մարգարիտներ կը ծաղկէին»։ Կ'ենթադրուի, որ այդ օրէն յառաջացած է «մարգարտեայ ոտք» կամ «ոսկեայ մարգարիտ» արտայայտութիւնը: Սակայն առասպելին մէջ չի յիշատակուիր, որ աղջկան ոտքերը երիզակապուած էին[3]։

Ոտքերու երիզակապման ծագումը գլխաւորաբար կը կապուի այն պատմութեան հետ, ըստ որուն՝ Լի Եույ (937-978) կայսրը իր հարճերէն մէկէն՝ Եաօ Նիանէն, կը խնդրէ ոտքերը երիզակապել սպիտակ մետաքսով այնպէս մը, որ անոնք կիսալուսինի նմանին։ Այնուհետեւ աղջիկը ոտքերուն ծայրերուն վրայ կը պարէ մարգարիտի պարը[4][2]։ Բարձր խաւի կանայք կը սկսին ընդօրինակել անոր այս արարքը, որ հետագային լայն տարածում կը գտնէ[5][6]։

Մետաքսեայ եւ բամպակեայ կօշիկ

Կարգ մը հետազօտողներ [6] կը պնդեն, որ ոտքերու երիզակապման սովորոյթը տարածուած է Սուն Դինաստիայի ժամանակաշրջանին։ Այդ դարաշրջանի աւարտին յառաջացած է կօշիկին կրունկին մէջ փոքր գաւաթ մը դնելու եւ անկէ խմելու սովորութիւնը։ Եուն Դինաստիայի ժամանակաշրջանին կարգ մը տղամարդիկ կը խմէին կօշիկներու մէջէն, որ կը կոչուէր «ցամքեցնել ոսկեայ մարգարիտը»[2]։

Երիզակապուած ոտքերով կանայք չէին կրնար որեւէ տեղ երթալ առանց ծառաներու ուղեկցութեան։ Անոնք չէին կրնար մասնակցիլ քաղաքականութեան եւ հանրային կեանքին, անոնք կախեալ էին իրենց ընտանիքներէն, յատկապէս՝ իրենց ընտանիքներու տղամարդոցմէն։ Այդ պատճառով ոտքերու երիզակապումը դարձած էր կանացի մաքրաբարոյութեան եւ տղամարդու իշխանութեան խորհրդանիշ[7]։ Բացի ատկէ, անկարող կինը իր ամուսինին հարստութեան երաշխիքն էր, քանի որ ան կրնար հոգալ աշխատանքի անկարող իր կնոջ ապրուստը։

Մոնկոլական ժամանակաշրջանին չինուհիներու ոտքի յատուկ ձեւը դարձած էր ազգային ինքնութեան նշան։ Բացի ատկէ, կ'ենթադրուէր, որ ոտքերու ձեւափոխումը կը բարելաւէր կնոջ առողջութիւնը եւ աւելի ունակ կը դարձնէր զինք ծննդաբերութեան[8]։ Այդպիսով, երիզակապուած ոտքը դարձած էր գեղեցկութեան նշան եւ անհրաժեշտ յատկանիշ, որպէսզի աղջիկը կարենայ ամուսնանալ։ Աղքատ ընտանիքներու աղջիկներուն համար նման ոտքերը հնարաւորութիւն կու տային շահաւէտ ամուսնութիւններու։ ԺԹ. դարու վերջին Գուանդուն նահանգի աղքատ ընտանիքներուն մէջ սովորութիւն դարձած էր երիզակապել մեծ դուստրերուն ոտքերը, որպէսզի զանոնք պատրաստէին հեղինակաւոր ամուսնութեան։ Ի տարբերութիւն մեծ քրոջ՝ կրտսեր քոյրերը կը զբաղէին տնային աշխատանքով եւ կ'ամուսնանային գիւղացիի հետ։ Անոնք կրնային նաեւ դառնալ աւելի հարուստ տղամարդոց հարճը։ Երիզակապուած ոտքերով կանայք, անոնց ընտանիքները եւ ամուսինները շատ հպարտ էին ձեւափոխուած ոտնաթաթի փոքր չափերով[8]։

Անցեալին, փոքր ոտնանթաթը գեղեցկութեան չափանիշ կը համարուէր, եւ գեղագիտական իմաստով իտէալական ոտքը 7 սմ. էր[9][4]։

Մեծ թիւով չքաւոր ընտանիքներ պատրաստ էին ամէն տեսակի զրկանքի, որպէսզի իրենց դուստրերը ունենային յաջողակ ամուսնութեան համար անհրաժեշտ փոքրիկ ոտքեր[8][10]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]