Jump to content

Ոսկեպտղի, Ժորի (Խարմա)

Ոսկեպտղին, Ժորին, կ'անուանուի նաեւ «Ճափոնի ծիրան»: Կ'աճի Չինաստանի մէջ: Անոր ծառը կը կոչուի Kaki-ի ծառ: Անոր մշակումը Միջերկրականի ափերուն` արդի ժամանակաշրջանին կը պատկանի:

Ժորիին տեսակները շատ են. կայ Ֆույուն (Fuyu), որ հարուստ է խէժով եւ աղաղով (tannin), հետեւաբար նախընտրելի է զայն սպառել, երբ պտուղը ամբողջութեամբ կը հասուննայ, կը քաղցրանայ, կը կակուղնայ եւ կը նուազին անոր դառնութիւնն ու կպչունութիւնը: Կայ ժորիի այլ տեսակ մը` Persimmon-ը, որ աւելի նուազ բնաթելեր կը պարունակէ եւ նուազ դառն է, հետեւաբար կարելի է զայն սպառել, երբ կիսովին հասուն է:

Պարունակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • ժորիի իւրաքանչիւր պտուղ կը պարունակէ ութ կուտի հատիկ:
  • ժորիին քաղցր համը արդիւնքն է անոր կլիւսիտներով կամ շաքարով հարուստ ըլլալուն: 100 կրամ ժորին կը պարունակէ 15 կրամ կլիւսիտներ:
  • ժորին աղքատ է բնական կիտրոնաթթուներէ` 100 կրամ ժորին կը պարունակէ միայն 300 միլլիկրամ կիտրոնաթթու:
  • Իւրաքանչիւր ժորի կը պարունակէ հաւասար քանակութեամբ ֆրուքթոզեւկլուքոզ: Այս իսկ պատճառով անիկա հարուստ է ուժականութեամբ:
  • Իւրաքանչիւր 100 կրամ ժորի կը պարունակէ 60 քիլոքալորի:
  • Հասուն ժորին աղիքները կը կակուղցնէ, որովհետեւ հարուստ է բնաթելերով: Հետեւաբար շատ լաւ դարման է պնդութիւն ունեցողներուն: 100 կրամ ժորին կը պարունակէ 2.5 կրամ բնաթել:
  • Ժորին մուգ նարնջագոյն է, եւ այս փաստ է, որ հարուստ է բնական թոյրով եւ կենսանիւթ Ա.ի նախատեսակով` քարոթինով: 100 կրամ ժորին կը պարունակէ 1.4-էն 3 միլլիկրամ քարոթին:
  • Ժորին հարուստ է նաեւ քարոթինով, կը պարունակէ նաեւ լիքոպին եւ զանթին տարրերը, որոնք հականեխիչ տարրեր են, որոնք մարմինը կը պաշտպանեն ազատ արձակուած տարրերու  վնասներէն, հետեւաբար երիտասարդ կը պահեն մարմինը:
  • Ժորին կը պարունակէ նաեւ կենսանիւթ Սէ., որ նաեւ հականեխիչ տարր մըն է: 100 կրամ ժորին կը պարունակէ 7 միլլիկրամ կենսանիւթ Սէ.: Որքան ժորին հասունանայ, այնքան կենսանիւթ Սէ.-ի քանակը կ'աւելնայ:
  • Ժորին կը պարունակէ նաեւ հանքային աղեր, որոնց ընդամէնը հաւասար է 700 միլլիկրամի` իւրաքանչիւր 100 կրամ ժորիի մէջ: Հանքային աղերու տեսակներն են` փոթասիոմը, քալսիոմը եւ ֆոսֆորը[1][2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Ոսկեպտղին
  2. «Ժորին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-03-25-ին։ արտագրուած է՝ 2022-05-31